Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են ներկուսակցական, ներքաղաքական խնդիրներ: Անդրադառնալով Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահ Վոլոթինի առաջարկին` Հայաստանի մէջ ռուսերէնը օրէնքով ամրագրելու իբրեւ պաշտօնական լեզու, ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով նշեց. «Ամօթ է այդ մասին քննարկումներ ծաւալելը: Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պետական լեզուն հայերէնն է, անիկա ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ, այդպէս ալ պիտի մնայ»: Անոր խօսքով` Հայաստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ ըլլալը լոկ քաղաքական որոշում չէ, այլ ամրագրուած է տնտեսական հաշուարկներով:
«Մենք միացած ենք 170 միլիոննոց շուկային: Այս տարի 23 առ հարիւրով աւելցուցած ենք արտահանումը, որուն առիւծի բաժինը կը պատկանի ԵՏՄ երկիրներուն: Աւելցած է զբօսաշրջիկներու թիւը միութեան երկիրներէն: 170 միլիոննոց շուկան գրաւիչ է նաեւ ներդրողներու համար», ըսաւ ՀՀԿ բանբերը` աւելցնելով, որ խնդիրներ թերեւս կան, սակայն այդ խնդիրները բոլոր միութիւններուն մէջ են, որոնց կարգին նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի: Շարմազանովի խօսքով` ԵՏՄ-էն դուրս գալը կը վնասէ Հայաստանի տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան. ԵՏՄ-էն Հայաստանի դուրս գալը Հայաստանի շահերէն չի բխիր: