Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աւրորա»-ն` Այդ Հրաշալի Մրցանակը

Յուլիս 21, 2017
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Վստահ եմ, որ ցարդ շատեր արտայայտուած են «Աւրորա» մրցանակի մասին եւ գովաբանած անոր պատգամն ու գործունէութիւնները` իրենց մանրամասնութիւններով, յոյսով եմ, որ մրցանակը իրեն համապատասխան արժեւորումը գտած է նաեւ միջազգային ատեաններու մէջ:

Օրեր առաջ, պատահմամբ, Եութիուպի վրայ դիտեցի «Աւրորա»-ի երկրորդ` 2017-ի մրցանակաբաշխութեան ամբողջ արարողութիւնը: Հետաքրքրութեամբ կը դիտէի, երբ շատ չանցած` նկատեցի, որ բազմաթիւ հռչակաւոր հիւրեր կը գլխաւորէին Հայաստանի նախագահն ու Ամենայն Հայոց վեհափառը, եւ քանի որ տեղեակ չէի «Աւրորա»-ի առաջին մրցանակաբաշխութենէն, աւելի ճիշդ` մրցանակի էութենէն, ես ինծի զարմանքով հարց կու տայի, թէ այս ի՞նչ մրցանակ է, որ անոր բաշխման հանդիսութիւնը կը կատարուի այսքա՛ն պատկառելի հիւրերու ներկայութեամբ, ինչպիսին են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, նախարարներ, մտաւորականներ, հայ եւ օտար համաշխարհային բազմաթիւ հանրայայտ դէմքեր:

Հետզհետէ, շնորհիւ հանդիսութեան խօսնակի հեզասահ անգլերէն լեզուով ունեցած սքանչելի արտայայտութիւններուն, ճանչցայ նոյնինքն «Աւրորա» մրցանակի հերոսուհին` Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ աղջնակը, ընկալեցի մրցանակին էութիւնը, ծանօթացայ մրցանակի ետին կանգնած անձնաւորութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, տեղեկացայ անոնց հետագայ ծրագիրներուն մասին, գիտցայ, թէ ո՛վ է այս տարուան մրցանակակիրը, գիտցայ նաեւ, թէ ովքե՛ր էին մրցանակին այս տարուան միջազգային թեկնածուները, ո՞ր երկիրներու եւ ի՞նչ մարդասիրական բնագաւառներու մէջ կը գործեն անոնք:

Դիտելով մրցանակաբաշխութեան նկարահանումը, կ՛ըմբոշխնէի կատարուած հանդիսութեան մթնոլորտը իր ամբողջական մանրամասնութիւններով` սկսած սրահի կոկիկ ու գեղեցիկ յարդարանքէն, որ չէր զիջեր «Օսքար»-ի հանդիսասրահներուն: Աւելի՛ն. հանդիսութիւնը իր ամբողջութեան մէջ պատկառելի ելոյթներով, պատրաստուածութեամբ, սրահով եւ տիրող մթնոլորտով չէր զիջեր նոյնիսկ Նոպէլեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւններուն:

Առաջին վայրկեաններուն ինծի համար դժուար եղաւ հաւատալ, որ դէմ առ դէմ կը գտնուիմ, բանիւ եւ գործով, զուտ հայկական ձեռնարկի մը, հանդիսութիւնը լրիւ կ՛ընթանար կատարեալ անգլերէն լեզուով, անհաւատալի էր խորհիլ, թէ այս ձեռնարկին տնօրէններն ու անձնակազմը հայեր էին: Բախտաւորութիւնն այն էր, որ այս հրաշալի միջոցառումը իր ամբողջ տեւողութեան` երեք ժամ անընդհատ, շարունակուեցաւ նոյն գեղեցկութեամբ` վարկեան առ վայրկեան աւելի եւս զարգանալով ու կատարելագործուելով, ու զիս ամբողջ ելոյթի ընթացքին պահելով անսահման հիացմունքի մէջ:

Մրցանակին ստեղծագործ, փառապանծ գաղափարը հրաշալի էր: Հանդիսութեան աւարտին, երբ հիմնադիրները խօսք առին եւ պարզեցին մրցանակի հիմնադրման դրդապատճառները, խօսեցան ապագայի իրենց ծրագիրներուն մասին, ինծի համար յայտնի դարձաւ, որ, եւ ասիկա ուրախութեանս մեծագոյն բաժինն է, հիմնադիրները սրտանց կը գործեն, անոնք համոզուած են իրենց առաքելութեան, յանձնառու եւ գիտակից են իրենց յառաջիկայ նպատակներուն եւ ծրագիրներուն նկատմամբ: Անոնք կը խօսէին անթերի անգլերէնով, իմաստալից բառեր գործածելով եւ համապատասխան արտայայտութիւններով: Կը շնորհաւորեմ զիրենք` իրենց ունեցած սքանչելի ելոյթին համար:

Թէ ասկէ լաւ ծրագիր կրնա՞յ ըլլալ հայ ազգին վարկը բարձրացնող եւ անոր Դատին ծանօթացման ծառայող: Կը կասկածիմ, թէ բազմաթիւ ըլլան անոնք, այսպիսի կարեւորագոյն միջոցառումներ հազուագիւտ են եւ մատներու վրայ կը համրուին: Այս մրցանակն ու այս հանդիսութիւնը իբրեւ սկիզբ լաւ օրինակ պէտք է ծառայեն` իրենց էութեամբ, նպատակով, գործելակերպով եւ իրականացման եղանակներով:

Հանդէսին յայտագիրը ընթացաւ բացարձակ ճշտութեամբ եւ հերթականութեամբ` առանց լեզուական սխալներու, բոլոր խօսողները իրենց դերերը կատարեցին ճշգրիտ եւ անթերի` դասը լաւ սորված աշակերտներու նման: Հանդիսավարը` այդ հոյակապ անձնաւորութիւնը, հանդիսութեան ամբողջ տեւողութեան այնքա՜ն գեղեցկօրէն կատարեց իր դերը` մէկ առ մէկ նշելով խնդրոյ առարկայ անձերուն անունները, անոնց ապրած երկիրները, իւրաքանչիւրին կեանքէն եւ կատարած աշխատանքէն առնուած դրուագներ, հարազատօրէն հնչելով նոյնիսկ ափրիկեան չլսուած անունները: Ան լաւապէս նախապատրաստուած էր, թէեւ նոյնքան հեզասահ կ՛արտայայտէր յանպատրաստից խօսքերը, կը կատարէր տեղին մէջբերումներ: Անոր ելոյթի պահուն անձամբ զգացի հպարտ հայ` ճիշդ հաղորդութեան արարողութեան մասնակիցի մը պէս:

Հանդիսութեան բեմագրութիւնը, խօսակցութիւնը, լուսաւորութիւնը, երաժշտական ձեւաւորումը եւ թեքնիք միւս հարցերը պատրաստուած եւ ներկայացուած էին կատարեալ կերպով, գրեթէ անթերի:

«Աւրորա» մրցանակը իր ամբողջութեամբ հպարտութիւն առթող երեւոյթ է համայն հայութեան եւ Հայաստանին: Անոր հիմնադրութեան արմատական դրդապատճառները ազնիւ են ու վեհանձն: Անոր նպատակը բարի է ու օգտակար ո՛չ միայն մեր ազգին ու հայրենիքին, այլ նաեւ` ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար:

Մրցանակին տուչութեան եղանակն ու ձեւը` հանդիսութիւնը ակնառու էր ու հաճելի: Ներկայ գտնուող պաշտօնական եւ անպաշտօն հիւրերը հանդիսութիւնը օժտեցին յարգալիր արարողութեամբ` անոր տալով պատկառելի հանգամանք: Պիտի փափաքէի, որ աւելի շատ կարեւորութիւն տրուէր օտար, համաշխարհային ներկայութեան, ներկայ գտնուէին համաշխարհային ազդեցիկ լրատուական միջոցներն ու պատկերասփիւռի կայանները, ինչպիսիք են` «Պի. Պի. Սի.»-ի, «Սի. Էն. Էն.»-ը, «Ժազիրա»-ն, որպէսզի այս մրցանակաբաշխութիւնը դառնար համայն աշխարհի ուշադրութեան կեդրոն, աւելի լայնատարած կերպով  մեկնաբանուէր ու ներկայացուէր մեր մրցանակը` իր ամբողջ էութեամբ եւ արժէքով, որպէսզի համայն մարդկութիւնը տեսնէր եւ իմանար, որ այս փոքր ազգի հոգին օժտուած է մարդասիրական վեհանձնութեամբ եւ քաղաքակրթութեամբ: Այս մրցանակը կրնայ առաջնորդել մարդկութիւնը այն արահետով, որուն մէջէն ան կը ծանօթանայ հայ ազգի մշակոյթի եւ արուեստի վիթխարի պաշարներուն, որուն շնորհիւ` աւելի դիւրութեամբ մեզ կը ճանչնայ որպէս իրաւացի Դատի տէր ազգ, որպէս արդար իրաւատէր: Ճիշդ ու դիպուկ քարոզչութիւնը  այսօր աւելի մեծ յաղթանակներ կրնայ նուաճել, քան` դիւանագիտութիւնը կամ քաղաքականութիւնը, այսպիսի մրցանակ երբեմն աւելի մեծ դեր կը խաղայ, քան` ռազմական օդանաւ մը կամ գերարդիական հրասայլ մը: Մէկ խօսքով` «Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը կրնայ ազդու զէնք դառնալ մեր ձեռքին` ամբողջացնելով մեր դիւանագիտական եւ սպառազինութեան պաշարները:

Այս մրցանակին շնորհիւ` աշխարհը պիտի համոզուի, որ հայերը իրապէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ են, ինչպէս որ կ՛ըսուի:

Շատ պիտի փափաքէի այսպիսի փառահեղ ձեռնարկի մը ներկայ գտնուիլ եւ ապրիլ անոր հոգեպարար պերճութիւնը:

Քուէյթ

gnk@imcck.com

 

Նախորդը

Մարդակերտումը Սրբավայրին Մէջ

Յաջորդը

Փիթըր Քէօշկերեան. «Ինքզինքս Վտանգի Տակ Կը Դնեմ, Երբեք Հարց Չունիմ Ես Զիս Ծաղրելու»

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Comments 1

  1. Khach says:
    8 years ago

    Այս մրցանակին շնորհիւ` աշխարհը պիտի համոզուի, որ հայերը իրապէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ են, ինչպէս որ կ՛ըսուի:………..!!!!?????????????

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?