Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիա պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչը:
Այս տեղեկութիւնները Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը վերագրելով` «Իզվեսթիա» կը նշէ, թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 2017-ի աւարտը:
«Մոսկուա գլխաւոր միջնորդը դարձած է այդ հարցին, քանի որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն փորձերը` Երեւանի ու Պաքուի ներկայացուցիչները բանակցային սեղան նստեցնելու շուրջ, չեն պսակուած յաջողութեամբ», կ՛աւելցնէ թերթը:
«Երկխօսութեան պահպանումը սկզբունքային նշանակութիւն ունի: Անոր շնորհիւ շրջանին մէջ չբռնկեցաւ լայնածաւալ պատերազմ: Սակայն, կողմերուն նպատակներն ու տեսլականները, նախկինին նման, այժմ եւս տարբեր են», ընդգծած է նախարարութեան աղբիւրը: