Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժորժ Քեփենեկեանը` Լիոնի Նոր Քաղաքապետ

July 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժորժ Քեփենեկեանը ֆրանսական Լիոնի նոր քաղաքապետն է: Լիոնի քաղաքային խորհուրդը երէկ այդ պաշտօնին ընտրեց հայ թեկնածուն: Խորհուրդի 72 անդամներէն անոր թեկնածութեան օգտին քուէարկեցին 49-ը:

67-ամեայ հայ գործիչը յաջորդեց Լիոնը 2001-էն ղեկավարած Ժերար Քոլոմին, որ Ֆրանսայի նոր ձեւաւորուած կառավարութեան մէջ արդէն նշանակուած է ներքին գործոց նախարար:

Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնը վարելու համար Քեփենեկեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր նոյնինքն Քոլոմ:

Քեփենեկեան 2014-էն Քոլոմի մշակութային եւ ձեռնարկներու հարցերով առաջին տեղակալն էր:

Ան աշխուժ ներդրում ունեցած է Լիոնի զարգացման գործին մէջ: Ժորժ Քեփենեկեան ներգրաւուած եղած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան պատմական որակեց Ժորժ Քեփենեկեանի ընտրութիւնը այս պաշտօնին: Վերջինս աշխուժ մասնակցութիւն  ունի հայ համայնքի կեանքին մէջ: Կանուխ տարիքէն անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

«Ինք բաւական օգնած է հայկական հաստատութիւններուն: Աշխատած է իբրեւ Լիոնի փոխքաղաքապետ` մշակութային հարցերով: Ան բաւական փայլուն ներկայութիւն ունեցած է Լիոնի մէջ, զարգացուցած է մշակութային քաղաքականութիւնը», ըսած է Փափազեան:

Մուրատ Փափազեան ըսած է նաեւ, որ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին մէջ  հայերուն համար դրական պատկեր ստեղծուած է` հաշուի առնելով այն փաստը, որ յունիսին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն 3 հայ երեսփոխաններ ընտրուած են: Ֆրանսա այս տարի ընտրեց նոր նախագահ, ձեւաւորեց նոր կառավարութիւն եւ այս շրջագիծին մէջ, Փափազեանի կարծիքով, երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի ղեկավարին հայ ըլլալու փաստը կարեւոր դռներ պիտի բանայ Հայաստանի համար:

Նախկին նախագահի` Ֆրանսուա Հոլլանտի հայամէտ քաղաքականութիւնը, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու  համակարգող խորհուրդի համանախագահին համաձայն, իրենց բաւարարած է: Հիմա նոյնը կ՛ակնկալեն Ֆրանսայի նոր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն:

 

Նախորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Հանդիպում Ունեցած Է Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան` Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին. «Հանդիպումը Կրնայ Կայանալ Աշնան»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.