Թուրքիա Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ բողոք ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու դէմ` Միացեալ Նահանգներ ներածուող թրքական պողպատին դէմ ամերիկեան կողմին կիրարկած միջոցառումներուն պատճառով:
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցած առարկութիւնները անհիմն են:
Ըստ անոր, ռազմավարական դաշնակիցներու միջեւ այսպիսի խնդիրներ պէտք չէ ըլլան:
Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարը նաեւ շեշտած է, որ երբ կարգը կը հասնի տնտեսական շահերուն` Միացեալ Նահանգները կողմնակալօրէն կը վարուին եւ նախապատուութիւնը կու տան տեղական արտադրութեան` խտրականութիւն դրսեւորելով թրքական արտադրութեան նկատմամբ: