ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ հեռատես էք եւ հանդարտ, գիտէք լաւագոյնը ունենալ եւ ձեր ընկերները գիտէք ընտրել, չէք կրնար ոեւէ մէկու մը հետ յարաբերիլ. սակայն ձեր ընտրած անձերը միշտ ալ գոհացուցած են ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արդիական անձ մը ըլլալով հանդերձ, աւանդութիւնները կը սիրէք: Ձեր այս նկարագրին համար շատ կապուած էք ձեր ընտանիքին եւ միշտ պատրաստ էք անոնց օգնելու, այս ընթացքը միշտ կը գնահատուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընդհանրապէս ընկերային էք, սակայն յաճախ կատարուած սխալները ձեզ կ՛անհանգստացնեն: Դուք ձեր խոհեմութեամբ պիտի կարենաք այդ սխալները սրբագրել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Որեւէ աշխատանք դժուարութիւններ ունի: Եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ, յամառութեամբ պէտք է աշխատիք եւ պէտք չէ յուսահատիք: Յարատեւութիւնը ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ընկերութեան մէջ ձեզ չեն հասկնար, համբերատար եղէք: Դուք ձեզ մի՛ պարտադրէք: Ժամանակի ընթացքին անպայման հարցերը լոյսի կ՛ելլեն, եւ ամէն բան կը սրբագրուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի. ամսավերջին կոկիկ յաւելում մը պիտի ունենաք, ինչ որ ձեր կեանքը պիտի բարելաւէ: Յաջողութիւն ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծառայասէր էք եւ ձեր օգնութիւնը բնաւ չէք զլանար, ձեր այս ազնուութիւնը շահագործողներ կրնան գտնուիլ: Աւելի արթուն եղէք եւ արժանիներուն կատարեցէք ձեր օգնութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս օրերուն քանի մը դժուարութիւններ ձեզ կը ջղայնացնեն: Կեանքը միշտ սահուն չ՛ընթանար: Համբերող եղէք եւ հանդարտ մտքով լուծումներ գտէք, որպէսզի կեանքը հաճելի ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աստղերը փայլուն են, եւ անոնց հետ ձեր սէրը աւելի կը փայլի: Եթէ ամուրի էք, անակնկալ հանդիպում մը սիրոյ արկածախնդրութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ, ինչ որ ձեր ապագան պիտի որոշէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անցեալին ձեր գործած սխալներուն հետ պիտի հաշտուիք, անցեալը պիտի մոռնաք եւ նոր թափով պիտի սկսիք ձեր գործը, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Փորձառութիւնը ձեզի օգտակար եղաւ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Միօրինակ կեանք մը կ՛ուզէք ապրիլ: Ձեր պատեանէն դուրս ելէք եւ ձեր շուրջը դիտեցէք: Ամառ է, եւ դուք պէտք ունիք օդափոխութեան: Երկու օր բնութեան մէջ` ամէն բան պիտի փոխէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր աշխատավայրին մէջ յաւելեալ գործեր առաջարկուին ձեզի, մի՛ մերժէք: Ձեր հասկացողութիւնը պիտի գնահատուի, եւ նիւթական վարձատրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ: