Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոսի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Պըրժ Այնթուրա մրցումը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ երկարաձգումէն ետք 49-48 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին (22-12, 33-21, 38-35 եւ 45-45):
Չորեքշաբթի, 19 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ դարձեալ նոյն դաշտին վրայ կը մրցի Մութթահետի դէմ: