
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Էմիլ Լահուտի անուան մայրուղիին վրայ (Քոռնիշ Նահըր) տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ժամացոյցի դէմ ախոյեանութեան մրցումները` «Մասթըրզ»-ի երիտասարդներու եւ մեծերու դասակարգերուն մէջ:
Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 հեծելանւորդներ, որոնք կը ներկայացնէին 8 ակումբներ:
Երիտասարդներու ախոյեան հանդիսացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Յովսէփ Գանլըճեան, որ 24,6 քմ կտրեց` արձանագրելով 38 վայրկեան 5 երկվայրկեան արդիւնք մը, ինչ որ գրեթէ համազօր է ժամական 38,7 քիլոմեթրի:
Ինչ կը վերաբերի «Մասթըրզ»-ի մրցումին, Գանլըճեան ՀՄԸՄ Պէյրութին ապահովեց երրորդութիւն մը` արձանագրելով 41′ 18″ արդիւնք մը:
Նոյն դասակարգին մէջ Նազօ Տանայեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) հանդիսացաւ 6-րդ (46′ 00″):
Բացի վերոնշեալներէն, Քարլ Տեմիրճեան, (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումին հանդիսացաւ երրորդ (42′ 13″):
Վերջապէս, մեծերու դասակարգին մէջ, Գէորգ Ալթունեան ՀՄԸՄ Պէյրութին ապահովեց երկրորդութիւն մը` արձանագրելով 49′ 27″ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Կիրակի, 16 յուլիսին, Զաարուրի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծերու եւ երիտասարդներու Լիբանանի հեծելարշաւի ճամբու ախոյեանութիւնը: