«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ հիւրը եղաւ ՊԱԹԷ Պորիսովի:
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Հիւրընկալ կազմին կոլը նշանակեց Ալեքսէյ Ռիոս (43-րդ), իսկ Ալաշկերտի հաւասարութեան կոլը` դարձեալ Ալեքսէյ Ռիոս, սխալմամբ իր բերդին մէջ (78-րդ):
Նշենք, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք` Երեւանի մէջ: