Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյման յատուկ երեկոյի մը ընթացքին իր տան մէջ (Հազմիէ) պատուեց հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի լիբանանցի մարզիկ Ամին Եունեսը:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, նախկին նախարար Աքրամ Շեհայեպ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ այլ անդամներ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Ամին Եունեսին յուշանուէր յանձնելէ ետք արտասանած իր խօսքին մէջ Թամիմ Սլէյման շեշտեց կարեւորութիւնը լիբանանցի մարզիկներուն ձեռք ձգած միջազգային փորձառութեան, ինչ որ կ՛ապացուցէ, որ լիբանանեան ֆութպոլին մակարդակը կը մնայ բարձր:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ