Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Սկսած Են ՀՅԴ Ճամբարները

July 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին տարիներուն Արցախի պատանիներու ամառնային հանգիստի հաճելի ու անբաժանելի մասը դարձած են ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու երիտասարդական միութիւններուն կողմէ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող բակային ճամբարները: Բացառութիւն չէ նաեւ այս տարին: 10 յուլիսին Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող դպրոցին մէջ սկսած է 10-16 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ճամբարը, որ նախաձեռնած է ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւնը: Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Վահէ Լեփեճեան արդէն քանի մը անգամ մասնակցած է Արցախի մէջ կազմակերպուող ճամբարներուն, խումբին մնացած անդամները շատ այցելած են Հայաստան եւ Արցախ, իսկ ճամբարներու ծրագիրով առաջին անգամ ըլլալով այստեղ են, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը:

Ըստ Վահէ Լեփեճեանի, ճամբարի կազմակերպումը ունի քանի մը նպատակներ: «Նախ եւ առաջ սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն համար շատ լաւ առիթ է, որպէսզի գալով այստեղ իրենց աչքով տեսնեն տարիներու ընթացքին գիրքերէն հայրենիքի մասին իրենց սորվածները: Միաժամանակ այստեղի հայութիւնը պէտք է իմանայ, որ դուրսի հայերը իրենց չեն մոռցած, միշտ կը մտածեն իրենց մասին եւ կարելին կ՛ընեն օգնելու համար: Նպատակներէն մէկն ալ մարդոց տեղեկացնելն է, որ Դաշնակցութիւնը իր ուժերը կը տրամադրէ հայ ժողովուրդին օգնելու համար», նշած է ան:

Ընդհանրապէս ամէն ճամբար երկու շաբաթ կը տեւէ` 10 օրուան ճամբարային եւ 4 օրուան հանգիստի ծրագիրով: Այդ ընթացքին կը նախատեսուին հայոց պատմութեան, Դաշնակցութեան պատմութեան, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, մարզական խաղերու, մրցումներու կազմակերպում: Նպատակն է բարելաւել մարմնական եւ մտաւոր ունակութիւնները, ամրապնդել հայրենիքի հետ կապը:

Ստեփանակերտի ճամբարի պատասխանատուն այս տարիներուն ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքի արդիւնքը այսօր կը տեսնէ. «Այսօր ծանօթացայ պատանիի մը, որ 7 տարի մեր կազմակերպած ճամբարներուն մասնակցած է եւ բոլոր վարիչները, պատասխատուները կը յիշէ: Եւ այսօր եկած է իր գիտելիքները միւսներուն փոխանցելու: Յոյս ունիմ, որ կամաց-կամաց ժողովուրդը աւելի կը մօտենայ Դաշնակցութեան, կը միանան մեզի եւ մեզի հետ կ’օգնեն մնացածներուն»:

«Մեզի համար մեծ բաւականութիւն է հայրենի հողին վրայ ըլլալը, այստեղ աւելի ուժեղ կը զգանք մենք մեզի», կ՛ըսէ Վահէն եւ կ՛աւելցնէ, որ ամէն անգամ նորէն կը սիրահարի այս հողին, այստեղ կը տեսնէ մեր ժողովուրդի հզօրութիւնը: Այստեղ առաջին անգամ եկածները հոյակապ տպաւորութիւն ունին, որովհետեւ հակասական բաներ լսած են Արցախի մասին եւ բոլորը հաճելիօրէն զարմացած էին` տեսնելով զարգացող քաղաքն ու մարդոց բարի վերաբերմունքը:

Յուլիս ամսուան ընթացքին նաեւ կը սկսին Շուշի եւ Մարտունի քաղաքներու բակային ճամբարները` Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Նշանակումներու Հոլովոյթին Վաւերացումը

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Իրենց Օգնութիւնը Առաջարկած Են Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումի Կազմակերպման Համար

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.