Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Ռաֆիհի երէկ մահացաւ Թրիփոլիի մէջ: Ան 90 տարեկան էր: Ռաֆիհի խորհրդարանի անդամ եղած է 1972-1992 տարիներուն ընթացքին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ոճրագործ չէ, այլ կռուող բանակ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Պլիսի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քրինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը երէկ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեցին Ահմետ Ա.-ը, որ Սուրիոյ մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն հետ կապի մէջ էր:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին նշանակումներու պարագային նկատի ունենալու երիտասարդ ուժերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ 12 տարի առաջ Լիբանանը հարուածած պայթումները, որոնք թիրախ դարձուցած էին լիբանանցի ղեկավարութիւնները, կը միտէին ահաբեկել Լիբանանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է ենթարկուի բանակի հրահանգներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները ապահով վայրեր վերադարձնելու առումով Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցութիւնը կարեւոր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ վստահութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան որեւէ կուսակցութիւն: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը կը նսեմացնէ լիբանանեան պետութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ներկայ իրավիճակը 35 տարուան ընթացքին ամէնէն վատն է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն գնով կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ այս պայմաններուն ներքեւ կարելի չէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտայայտած կեցուածքները կը հաստատեն, որ ինք տէրն է երկրին մէջ պատերազմի ու  խաղաղութեան որոշումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ ապահովական գործակցութիւնը առկայ է եւ օր մը օրանց չէ դադրած: Ալի զարմանք յայտնեց սուրիական կառավարութեան հետ գործակցելու վերաբերեալ արձանագրուած կեցուածքներուն գծով եւ շեշտեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը իր քաղաքացիներուն Սուրիա վերադառնալու երաշխիքներ տուած է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ Խարտալի երկարող մայրուղիին վրայ աշակերտներ փոխադրող պաս մը արկածի ենթարկուելով շրջուած է: Վիրաւորուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած են աւելի քան 15 աշակերտներ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, թէ յուլիսեան յաղթանակը հաստատած է, որ Դիմադրութիւնը այնպիսի ուժ մըն է, որ Իսրայէլը կրնայ ետ մղել նուազագոյն անխոհեմութենէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ բանակին կողմէ կատարուելիք ապահովական գործողութիւնը կարիքը ունի կառավարութեան քաղաքական հովանաւորութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ խստիւ դատապարտեց բանակը կասկածի տակ առնող կողմերը` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակը միայն ողջոյնի արժանի է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցիլը ամօթալի չէ` աւելցնելով, որ պաղեստինցի գաղթականներուն փորձառութիւնը կրկնելը բաղձալի չէ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ ձերբակալուած ահաբեկիչներուն հարցաքննութեան շնորհիւ կարելի եղած է բացայայտել ահաբեկիչներուն գործունէութեան ձեւն ու ոճը:

 

Նախորդը

Թուրք Զինուորներու Նոր Խումբ Մը Հասած Է Քաթար

Յաջորդը

Քանաան. «Կը Մերժենք Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Բնակեցումը Ապահովող Միջազգային Որեւէ Որոշում»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.