Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, երէկ` կիրակի, 9 յուլիսին, տեղի ունեցաւ Արզի 26-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ («Սքոտա Ֆապիա Ար.-5») հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 02′ 47″ արդիւնք մը:
Ժոզեֆ Հընտի – Վիգէն Գանլըճեան զոյգը («Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-10» հանդիսացաւ երկրորդ (1 ժամ 06′ 16″), մինչ երրորդ հանդիսացաւ Էտի Ապու Քարամ-Ժոզեֆ Քըմէյտ զոյգը («Հիունտայ Այ. 20 Ար.-5»), որ արձանագրեց 1 ժամ 06′ 40″ արդիւնք մը:
Քաթարցի Նասեր Աթիէ իր օգնականին` Մեթիու Պոմելի հետ (Ֆրանսա) հանդիսացաւ 7-րդ, իր ինքնաշարժով` «Ֆորտ Ֆիեսթա Ար.- 5»-ով արձանագրելով 1 ժամ 07′ 38″ արդիւնք մը:
Ապտօ Ֆըղալի իր օգնականին` Մարք Հատտատի հետ թէեւ արձանագրեց բաւական լաւ արդիւնք մը, սակայն ժամանման գիծ հասնելէն առաջ անոր ինքնաշարժը ամբողջութեամբ այրեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ժոզեֆ Հընտի հանդիսանայ երկրորդ:
Ռելիին աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը «Էհտեն Քաունթրի Քլապ» պանդոկին դիմաց` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ»-ի պատասխանատուներուն: