Շաբաթ, 8 յուլիսին, Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի համագումարը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնին նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:
Նախագահ Սարգսեանի առաջարկով, համագումարին մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին վերջին տարիներուն կեանքէն հեռացած ճատրակ խաղացողներուն` Աշոտ Անասթասեանի, Գագիկ Յովհաննիսեանի, Ստեփան Աւագեանի, Արմէն Նիկողոսեանի, Էդուարդ Մնացականեանի, Ռուբերթ Բունիաթեանի եւ Ալպերթ Յարութիւնովի յիշատակը:
Ֆետերասիոնի անդամ 114 ներկայացուցիչներէն 95-ը ներկայ էին, ինչ որ ժողովը դարձուց օրինական:
2013-2017 տարիներու տեղեկագիրին կարդացուելէն եւ վաւերացումէն ետք տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նախագահ: