Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի չորս մարզիկներ Ռուսիոյ Քասպիյսք քաղաքին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ալի Ալիեւի անուան յուշամրցաշարքին:
Մրցաշարքին առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ), Վալտեր Մարգարեան (70 քկ) եւ Գէորգի Կեթոյեւ (97 քկ):
Բարսեղեան եւ Մարգարեան յաջողութեամբ հանդէս չկրցան գալ, մինչ Կեթոյեւ տիրացաւ պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Երէկ Վահէ Թամրազեան (86 քկ) եւս չկրցաւ լաւ արդիւնք արձանագրել, մինչ Նարեկ Սիրունեան (65 քկ) վնասուածքի պատճառով մրցաշարքին չմասնակցեցաւ: