Երէկ` կիրակի, 9 յուլիսին, Մանչեսթըր Եունայթըտ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի կատարէ յատուկ բանակում մը եւ ունենայ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Անգլիական ակումբին հետ Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ, շուէտացի յետսապահ Վիքթոր Լինտելիոֆ, որ վերջերս փորթուգալեան Պենֆիքայէն միացաւ Մանչեսթըրի:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Մանչեսթըր ֆութպոլի իր բարեկամական առաջին մրցումը պիտի կատարէ 16 յուլիսին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ, 20 անգամ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսացած Եունայթըտի նոր խմբապետը դարձաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Մայքըլ Քերիք: Իսկ փոխխմբապետ նշանակուեցաւ սպանացի միջնապահ Անտեր Հերերա:
Քերիք, որ 2006-ին Թոթենհամէն միացաւ Եունայթըտի, իր կազմին հետ 314 մրցումի ընթացքին նշանակեց 17 կոլ:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառը: