Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանին Վրայ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի. Պաշտպանութեան Բանակը Ունի 3 Վիրաւոր

July 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ առաւօտեան թշնամին արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ խախտած է զինադադարը` օգտագործելով ինչպէս հրաձգային զինատեսակներ, այնպէս ալ Տ-30 եւ Տ-44 տիպի հրանօթներ, տարբեր տրամաչափի ականանետեր ու նռնականետեր:

Ազրպէյճանական զինուժի արկակոծութեան պատճառով տարբեր աստիճանի բեկորային վիրաւորումներ ստացած են պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներ Ռոպերթ Գասպարեան (1969-ի ծնունդ), Համբարձում Յարութիւնեան (1997-ի ծնունդ) եւ Վահէ Բադալեան (1998-ի ծնունդ):

Թշնամիին նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կ՛իրականացնեն պատասխան գործողութիւններ:

Առաջնային գիծի վրայ իրավիճակի ապակայունացման ուղղուած գործողութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը:

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Շուտով Պիտի Յայտնուին Բազում Կեղծ Լուրեր»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է. «Շուտով պիտի յայտնուին բազում կեղծ լուրեր, կիսով չափ մոնթաժի ենթարկուած տեսանիւթեր: Կը կարծեմ` մեր լրատուադաշտը արդէն այդքան դիմադրողականութիւն ունի, որ անոնց համար հատ-հատ բացատրութիւն չտանք: Մենք կորուստներ չունինք եւ ամէն ինչ յստակ ըսուած է: Հակառակորդի որեւէ գործողութիւն անպատասխան չէ մնացած ու պիտի չմնայ»:

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հերթական Ապատեղեկատուութիւնը Ազրպէյճանէն»

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ իբրեւ հերթական սադրանք իրականացնելու համար արցախեան զինուած ուժերը բերուած են մարտական պատրաստականութեան, որուն իբրեւ պատասխան ազրպէյճանական ուժերը  թիրախային կրակային հարուածներ հասցուցած են` շարքէն հանելով մեծ քանակութեամբ կենդանի ուժ, քանի մը միաւոր զինուորական գործիքներ եւ գործիքներու  ենթակառուցուածքներ: Ասիկա հերթական ապատեղեկատուութիւն է»:

«Պարզապէս ազրպէյճանական կողմը, իր սովորութեան համաձայն, ցանկալին կը ներկայացնէ իրականութեան փոխարէն: Սահմանագիծին մէջ ստեղծուած գործողութիւններու իրադրութեան մասին մենք արդէն տեղեկութիւններ տուած ենք: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն իրականացնել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրն ու առաջնագիծին մէջ ապահովել լիարժէք վերահսկողութիւն», նշած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Յուշագիր Կրթութեան Եւ Գիտութեան Մարզին Մէջ` Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ

Յաջորդը

Զիտան Կ՛ուզէ Ռոտրիկեզի Հեռացումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.