Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշագիր Կրթութեան Եւ Գիտութեան Մարզին Մէջ` Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ

July 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրաւէրով Հայաստան կը գտնուի Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Մոհամատ Ֆարհատիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցելութեան սկիզբը տեղի ունեցած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու երկկողմանի հանդիպում, որմէ ետք նախարարները ստորագրած են «Գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնման յուշագիր:

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան ողջունած  եւ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարութեան պատուիրակութեան` Հայաստան այցելելուն համար: Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ստորագրուած յուշագիրը երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք է, որ կ՛ընդգրկէ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մարզերը: «Նման ներկայացուցչական եւ ընդգրկուն պատուիրակութեան մը այցելութիւնը իսկապէս կը նպաստէ  երկու երկիրներու կրթութեան եւ գիտութեան մարզերու համագործակցութեան զարգացման: Տպաւորիչ են այն արդիւնքները, որ Իրան ունի յատկապէս գիտութեան մարզին մէջ. շարք մը արդիական ուղղութիւններով անիկա համաշխարհային յառաջատարներու խումբին մէջ է` յատկապէս նանօ-արհեստագիտութեան, կենսաքիմիագիտութեան եւ կենսաբանութեան մէջ: Յուշագիրի ստորագրումէն ետք պիտի ձեւաւորուի աշխատանքային խումբ, որ պիտի մշակէ հետագայ գործողութիւններու  քարտէսը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է, որ Իրանը հայկական կողմին տրամադրէ 5 դասախօսի եւ 15 ուսանողի կրթաթոշակ` բնական գիտութիւններու ուղղութեամբ Իրանի մէջ աշխատելու եւ ուսանելու համար: Մեր դռները եւ կարելիութիւնները նոյնպէս բաց են, եւ մենք սիրով պատրաստ ենք ընդլայնելու  ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման ծրագիրները», նշած է նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Մոհամատ Ֆարհատի իր կարգին նշած է, որ ուրախ է իր  հայ գործընկերոջ հրաւէրով Հայաստան գտնուելուն համար: «Ո՛չ միայն երկու երկիրներուն բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կամքն է, այլ նաեւ առկայ են բոլոր կարելիութիւնները` զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը: Հայաստանի մէջ ուսանելով իրանցի ուսանողները կրնան կամուրջ ըլլալ երկու երկիրներուն միջեւ: Յուշագիրը գիտութեան, կրթութեան, արհեստագիտութեան եւ հետազօտութիւններու մարզի զարգացման կը վերաբերի, անոր միջոցով աւելի կ՛ամրացնենք ու կը խորացնենք մեր համագործակցութիւնը: Բացի դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակումէն, պիտի կատարուի նաեւ փորձի փոխանակում: Կրթաթոշակներ պիտի յատկացնենք կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հատուածներուն մէջ», ընդգծած է Մոհամատ Ֆարհատի:

 

Նախորդը

Արագածոտնի Մարզպետը Ազատ Կը Կացուցուի Պաշտօնէն

Յաջորդը

Սահմանին Վրայ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի. Պաշտպանութեան Բանակը Ունի 3 Վիրաւոր

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.