Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեան ազատ պիտի կացուցուի իր պաշտօնէն: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս տեղեկութիւնը հաստատած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:
Նոր մարզպետի պաշտօնին ՀՅԴ-ն պիտի առաջադրէ ՀՅԴ Երեւանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Աշոտ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը: