ՄԱԿ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճին առնչութեամբ: Այդ մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մամլոյ քարտուղար Սթեֆան Տիւժարիք: Ան կողմերուն կոչ ուղղած է խուսափելու որեւէ զինուորական գործողութենէ եւ ձեռնարկելու քայլերու` կացութեան կայունացման եւ ապագայ բռնութեան կանխարգիլման ուղղութեամբ:
«Ինծի հարցուցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող լարուածութեան առնչութեամբ մեր արձագանգին մասին: Կրնամ ըսել, որ ինչպէս 22 յունիսի իր յայտարարութեան մէջ ընդգծած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, մենք հետզհետէ աւելի կը մտահոգուինք անվտանգութեան հետ կապուած իրավիճակին վատթարացումով, ներառեալ շփման գիծի երկայնքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի աւելի լայն գօտիին մէջ զինադուլի վերջին խախտումները», յայտարարած է ան:
«Մենք առ ի գիտութիւն ընդունած ենք եւ կ՛աջակցինք (ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի) համանախագահներու վերջին յայտարարութեան` 4 յուլիսին Ֆիզուլիի շրջանի Ալխանլը գիւղին մէջ բռնութեան վերսկսման առնչութեամբ, որուն պատճառով արձանագրուած են զոհեր, որոնց շարքին նաեւ` խաղաղ բնակիչներ», աւելցուցած է ՄԱԿ-ի մամլոյ քարտուղարը:
Ան նշած է, որ ՄԱԿ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ձեռնպահ մնալու որեւէ զինուորական գործողութենէ եւ խստօրէն կը յորդորէ անյապաղ քայլերու ձեռնարկել լարուածութիւնը նուազեցնելու ու հետագայ բռնութիւնը կանխարգիլելու համար:
Սթեֆան Տիւժարիք ընդգծած է, որ բարի կամքի դրսեւորումով բանակցային սեղանին շուտափոյթ վերադարձը «այս ձգձգուած եւ վտանգաւոր տագնապին» լուծման միակ ուղին է:



