Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Ստորագրեց Ամերիկահայութեան Թանգարանին 3 Միլիոն Տոլար Յատկացնող Ամավարկը

June 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն 27 յունիսին ստորագրեց 2017-2018 տարեշրջանի նահանգային ամավարկը, որուն մէջ կայ նաեւ յառաջիկայ երեք տարիներուն Ամերիկահայութեան թանգարանին մէկական միլիոն տոլար յատկացնելու որոշումը` սոյն թանգարանին ցարդ խոստացուած նահանգային իշխանութեանց հատուցումներու գումարը հասցնելով 4 միլիոն տոլարի:

«Ուրախ ենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց հետ ուս-ուսի տուած` կը կառուցենք մշակութային եւ դաստիարակչական ու պատմականօրէն կարեւոր այս կեդրոնը, որ արժանի կերպով պիտի մեծարէ մեր հարուստ պատմութիւնը եւ նահանգին բազմազան մշակոյթները», կը յայտնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

«Յատկապէս երախտապարտ ենք Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, նախագահ Քեւըն Տէ Լիոնին եւ Ամավարկի ենթայանձնախումբի ատենապետ Ռիչըրտ Ռաթին, որոնք առաջնահերթութիւն տուին այս գումարը ապահովելու ջանքին», կ՛աւելցնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Յովնան արք. Տէրտէրեան:

Յայտնենք, որ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին երեք միլիոն տոլար յատկացնելու առաջարկը 15 յունիսին վաւերացուած էր Քալիֆորնիա նահանգի Օրէնսդիր մարմինին կողմէ:

Նշենք, որ նահանգին 2016-2017 տարեշրջանի ամավարկին մէջ 1 միլիոն տոլար յատկացուած էր թանգարանին, շնորհիւ գլխաւորաբար նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ջանքերուն: Անոր նեցուկ կանգնած էին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լիոն եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտըն: Հակառակ անոր որ այդ գումարին յանձնումը սառեցուած էր նահանգապետին կողմէ, անիկա վերահաստատուեցաւ աւելի ուշ` մայիսին, նահանգային խորհրդարանի անդամ եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Լորա Ֆրիտմընի գլխաւորութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ:

«Ամերիկահայութեան թանգարանին ցուցաբերուած Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց այս աջակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ կը դնէ այս ծրագիրը, որմէ մեծապէս պիտի օգտուին ապագայ սերունդները», կը շեշտէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Միքայէլ եպս. Մուրատեան:

Թանգարանի պաշտօնատարները կը շարունակեն մօտէն գործակցիլ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներուն հետ` այս ծրագիրին մշակումը հասցնելու համար իր վերջնական վիճակին:

«Կլենտէյլի սիրտին մէջ այս տպաւորիչ կեդրոնը կառուցելու համար մեր գործակցութիւնը պիտի շարունակենք Կլենտէյլ քաղաքի իշխանութեան հետ», կը յայտնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ վեր. Պերճ Ճամպազեան:

«Ալաճաճեան Մարքուզի» հիմնարկին կողմէ պատրաստուած ծրագիրի նախագիծը անցեալ դեկտեմբերին ներկայացուած էր հանրութեան: Զայն կարելի է տեսնել` այցելելով ArmenianAmericanMuseum.org կայքը:

Ամերիկահայութեան թանգարանի գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով` փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել:

Թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են` Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:

Նախորդը

Թուրքիա Հայաստանի Սահմանին Պատ Կը Կառուցէ

Յաջորդը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Եկեղեցական Խորհուրդը Զրկած Է Աթեշեանը Փոխանորդի Իր Լիազօրութիւններէն

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.