Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար` Արաբական Աշխարհի «Կոյր Աղիքը»

Յունիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Շատերու համար դժուար է Քաթարի տեղը գտնել քարտէսի վրայ: Արաբական թերակղզիէն դէպի Պարսից կամ Արաբական ծոց երկարող աննշան տարածք մըն է,  որ տեսքով ճիշդ կոյր աղիքին կը նմանի, անիմաստ ներկայութիւն մը` մարմնին մէջ, սակայն երբ բորբոքի, կրնայ մահուան եզրին հասցնել մարդը:

Այս աննշան երկիրը իր քարիւղի պաշարներուն շնորհիւ, դարձած է Ծոցի ամէնէն հարուստ երկիրներէն մին ու իր անվերջանալի միլիառները ներդրած է արաբական աշխարհը իր մականին տակ առնելու, Իսլամ եղբայրները հովանաւորելով եւ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ծայրայեղական կազմակերպութեան ստեղծումին օժանդակելով, զայն զինելով ու  հովանաւորելով ու արաբական եւ օտար երկիրներ ահաբեկչական գործողութիւններու մղելով:

Քաթար արաբական աշխարհի ամէնէն հզօր հեռուստակայանը «Ժազիրա»-ն հիմնեց ու իր քարոզարշաւով ուզեց տիրել արաբական աշխարհին: Այնքան առաջ գնաց, որ սկսաւ երկիրներու ճակատագրին հետ խաղալ,  մինչեւ իսկ Լիբանանի նախկին նախագահի` Միշէլ Սուլէյմանի նախագահութեան կնքահայրը ինք եղաւ: Վեց տարիէ ի վեր Սուրիոյ ընդդիմադիրները ինք կը հովանաւորէ Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր:

Այս բոլորը կ՛ընէր աշխարհի աչքին առջեւ, ու ոչ մէկը կը խօսէր, այնքան ատեն որ խօսքը միլիառներունն էր:

Սուրիան առաջին իսկ օրէն գիտցաւ չարիքին աղբիւրը, սակայն արաբական պետութիւնները չզօրակցեցան իրեն ու թոյլ տուին, որ Քաթարի գաճաճ պետութիւնը ազատ-համարձակ գործէ, մինչեւ որ անոր չարիքին ալիքները հասան իր «բարեկամներուն» դռներուն եւ այսօր Ծոցի երկիրները, մին միւսին ետեւէն իրենց յարաբերութիւնները կը խզեն Քաթարի հետ: Սէուտական Արաբիա, Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Եմէն, Եգիպտոս, Լիպիա… Հիմա Քաթար  մեկուսացած է, զինք դիեցնողները գահընկէց ըրին զինք ու այլեւս իր փեթրոտոլարները պիտի չկարենան զինք վերադարձնել իր փառքի օրերուն:

Սակայն` ինչէ՞ ետք, Սուրիան 7 տարի քանդելէ ու հարիւր հազարներու մահուան ու միլիոնաւորներու գաղթին պատճառ ըլլալէ՞ ետք: Ի՞նչ փոխուեցաւ, դրացի երկիրները նո՞ր գիտցան անոր ի՛նչ ըլլալը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա դեր ունեցա՞ւ այս հարցին մէջ:

Ճիշդ է որ արաբական աշխարհին մէջ այս տեսակի վերիվայրումներ սովորական են, ատենը անգամ մը իրարմէ կը նեղուին, իրարու կը հայհոյեն ու ծանրագոյն ածականներով կը կոչեն զիրար, սակայն շատ չանցած, յանկարծ տեսար, որ մոռցած են նախկին վէճերն ու վիրաւորանքները ու իրարու ձեռք սեղմելով, զիրար գրկելով` վերստին հաշտուած են: Ճիշդ փողոցի մանուկներուն նման:

Հիմա «կոյր աղիքը» բորբոքած է ու արաբական մարմինին մէջ` վարակ տարածած, ատենն է որ վիրահատուի եւ հեռացուի` ամբողջ մարմինը չթունաւորած: Ափսո՜ս, որ 21-րդ դարու մէջ ենք ու դեռ դրամն է, որ կը խօսի. ո՛չ միայն կը խօսի, այլ բարձրաձայն կ՛աղմկէ` լռութեան մատնելով մարդկային արժէքներն ու ամէն տեսակի հոգեմտաւոր զարգացում:

 

Նախորդը

Ընկոյզի Անուշին Ցրուած Հատիկները

Յաջորդը

Երեք Ապրուած Իրադարձութիւններ. «Իր Անունով Պէտք Է Կոչել»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In