Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկոյզի Անուշին Ցրուած Հատիկները

Յունիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ուրբաթ, 10 յունիսին,  համալսարանի առաջին քննութենէս երկու օր առաջ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային գերեզմանատան մէջ Հալէպի հայաշատ թաղամասերու պաշտպանութեան ղեկավար ընկ. Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան առաջին տարելիցին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք, պէտք էր ուղղուէի տուն` վերաքաղելու դասերս: Երկու օր վերջ կիսամեայի մը կարեւորագոյն  գիտելիքներս պիտի դրոշմէի քննութեան թուղթիս վրայ: Ճամբան պատահաբար հանդիպեցայ մեր պատասխանատու ընկերներէն մէկուն, որ յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութենէն ուղարկուած  20 թոն կշռող օգնութիւնը արդէն հասած է Հալէպ եւ կարիք կայ կամաւոր ընկերներու, որպէսզի ստանձնեն եւ դասաւորեն զայն:

Շուտով ընկերներուս հեռաձայնեցի եւ խնդրեցի, որ ներկայանան Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որպէսզի աշխատանքը արագ ընթանայ:

Երեք բեռնատարի մէջ լեցուած մեծաքանակ ապրանք, եւ մենք… համարեա՛ քսան հոգի: Որեւէ  յապաղումի պարագային աշխատանքը կրնար կաղալ: Ուստի, շուտով անցանք աշխատանքի: Նախ մեծ պարկերը, ապա ապակեայ փոքրիկ բղուղներով ուտելիքները փոխադրեցինք: Վերջիններուն մէջ կար նաեւ ընկոյզի անուշի բղուղներ: Ա՜խ, այս ընկոյզի անուշը: Որքա՜ն կագ ու կռիւ ստեղծեր է ան: Բաշխումի ընթացքին յաճախ կը լսէինք, թէ մարդիկ եկեղեցւոյ սրահէն օժանդակութիւնը ստանալէ ետք, դրան քով չհասած` կը ստուգէին, թէ կողովին մէջ ընկոյզի անուշ կա՞յ,  թէ՞ ոչ, եւ երբ տեսնէին, որ չկայ, կը սկսէին թուել օժանդակութեան  պարունակութիւնը` ստուգելու, թէ որոնց բաժին ինկած է խաւիար, որոնց ընկոյզի անուշ… եւ այլն:

Ընկոյզի անուշին բղուղները տոպրակներու մէջ շարուած էին (իւրաքանչիւր տոպրակ կը պարունակէր մօտաւորապէս 16 բղուղներ): Տղաքը տոպրակները զոյգ-զոյգ կը շալկէին, կ՛իջեցնէին սրահ, որպէսզի հոն պահեստաւորեն զանոնք: Տոպրակներէն մաս մը պատռուած էր:  Տղաքը պէտք էր զգուշ ըլլային, որ բղուղները չկոտրուէին:

Յանկարծ ձայն մը լսուեցաւ: Շրը՜խկ… մէկ հատը ինկաւ: Ընկուզի հատիկները գետին գլորուեցան: Այդ պահուն, ընկոյզի մէկ հատիկը երեւակայութիւնս հեռուներ տարաւ: Այս ընկոյզը Հայաստանի պարտէզներէն մէկուն ծառին վրայ էր: Ծառ մը, զոր գիւղացին խնամքով կը մշակէր: Գարուն եկաւ… ընկոյզը հասունցաւ, յետոյ քաղուեցաւ, տարուեցաւ գործարան եւ մաքրուեցաւ, ապա եղաւ «մուրապա», ինչպէս հայաստանցիք կը սիրեն ըսել, այս ընկոյզին համար պատրաստուեցան ապակեայ բղուղներ: Բղուղները լեցուեցան, կափարիչով փակուեցան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշեց զանոնք Հալէպ ուղարկել, որպէսզի հալէպահայը տարիներու  ընթացքին իր դառնացած բերանը քաղցրացնէ: Երիտասարդութիւնը տուփերու մէջ զետեղեց զանոնք, դրաւ օդանաւին մէջ եւ ուղարկեց Հալէպ: Օդանաւը Լաթաքիա  հասաւ, բեռնակիրը զանոնք դրաւ բեռնատարին մէջ, բեռնատարները ճամբայ ելան դէպի Հալէպ, ճամբան, ընկոյզի ապակեայ բղուղները ամէն տեսակ վնասի կրնային ենթարկուիլ, այնուամենայնիւ հասան: Հասան, սակայն տոպրակներէն մաս մը պատռուած էր ու ընկոյզին կողքին դրուած միւս պահածոները ցիր ու ցան եղած էին: Կարգը հասաւ ընկոյզի բղուղներուն ու թը՛փ… անոնցմէ մէկը գետին ինկաւ ու մէկ երկվայրկեանի մէջ իր անցուցած ամբողջ կեանքը, յոգնութիւնը, թէ՛ իր, եւ թէ բեռնակիրին, ի զուր անցան: Անդին` միւս ընկոյզները, որոնք միասին էին տոպրակին մէջ, ապահով  հասան ներքնասրահ եւ ապահով ալ պիտի հասնին հալէպահայուն: Այդ պահուն երեւակայութեանս մէջ կայծ մը յառաջացաւ ու դէպքը կապեցի ուրիշ պատկերի մը` ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹի պատկերին…

Վեց տարուան մէջ անոր զաւակները թեւ ու թիկունք տուին իրարու, մնացին միասնակամ, «մէկ տոպրակի մէջ», իրենց հաւատքը անխախտ պահեցին: Անապահով պայմաններու տակ հսկեցին, վատ պայմաններուն` իրար օգնեցին, սղութեան դիմացան, դժուարութեան դէմ տոկացին, ու, ահա՛ անոնք  վերականգնումի մէջ են: Ահա՛ անոնք հասան «ներքնասրահ»: Ահա՛ անոնք քաղցրացուցին լեզուներ եւ յագեցուցին ծարաւ սրտեր, իսկ մնացեալնե՞րը, որոնք հեռացան… Իսկ եթէ մնայի՞ն, թեւ ու թիկունք տային իրարու, ինչպէս ըրին միւսները, իրենք ալ չէի՞ն կրնար ապահով հասնիլ: Անոնք հեռացան պատերազմէն, սակայն պիտի կարենա՞ն խոյս տալ մահէն: Հարցումներ, որոնց պատասխանին մասին կ՛արժէ, որ դո՛ւն մտածես, սիրելի՛ ընթերցող:

Մեր աշխատանքը երեք ժամէն լաւագոյն ձեւով աւարտին հասաւ ու պսակուեցաւ  հայրենասիրական երգով մը, զոր սկսան երգել մեր երիտասարդները: «Մեր թիկունքը ամուր է» ինչպէս գրած էր մեր ընկերներէն մէկը:

Ի վերջոյ, շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Հայաստանի պետութեան, որ կը շարունակէ սուրիահայութեան նպաստելու իր առաքելութիւնը` թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան աշխարհագրական սահմաններէն ներս, եւ թէ՛ ի սփիւռս աշխարհի:

Վարձքը կատա՛ր իւրաքանչիւր  անհատի, միութեան, մեր պետութեան ու ժողովուրդին, որոնք այս վատ պայմաններուն մէջ չմոռցան հալէպահայութիւնը:

 

 

Նախորդը

Տարեդարձներ, Հաշուեկշիռ Եւ Հեռանկար

Յաջորդը

Քաթար` Արաբական Աշխարհի «Կոյր Աղիքը»

RelatedPosts

Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025
Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին
Անդրադարձ

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

Մայիս 13, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?