Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Դ. – Ուսանողութեան Կարեւոր Դերը

Յունիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք պատմութեան վրայ, պիտի տեսնենք, որ հայ ուսանողութիւնը նշանակալից դեր ունեցած է թէ՛ մշակութային, թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ քաղաքական կեանքին մէջ:

Մեր գրականութեան ոսկեդարը համարուող Ե. դարը կը պարտինք մեր առաջին կրտսեր թարգմանիչներուն: Այդ շարժումին ծնունդ տուողները ուսանողներ էին: Անոնք Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի աշակերտներն էին, որոնք հետագային մեկնեցան այդ ժամանակուան լուսաւորութեան կեդրոններ` կատարելագործելու իրենց ուսումը:

Նոյն էր պարագան Զարթօնքի շրջանի մեր ուսանողներուն, որոնք մեկնելով արեւմտեան ոստաններ` հաղորդուեցան ազատութեան, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու լուսաւոր գաղափարներով ու վերադառնալով հայրենիք` այդ գաղափարները տարածեցին հասարակութեան մէջ` սատարելով անոր իմացական վերելքին: Անոնք հարստացուցին հայ գրականութիւնը, արուեստը, դպրոցներն ու մամուլը: Անոնք էին, որ հետագային Պոլսոյ մէջ ծնունդ տուին Ազգային սահմանադրութեան եւ հայութեան մէջ ազատութեան ոգի ներմուծեցին: 19-րդ դարու վերջերը հայ ուսանողներն էին, որոնք միութիւններ, ապա նաեւ հայկական կուսակցութիւններ հիմնեցին: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք սփիւռքի մէջ հիմնուեցան ուսանողական միութիւններ, որոնք ջահակիրը դարձան Հայ դատին ու հայապահպանումի էական աշխատանքին:

Այս պահուն լուսարձակի տակ առնենք մեր համայնքը: Հալէպահայութեան հասարակական կեանքի կազմակերպման ամէնէն աշխուժ շրջաններուն համայնքին մէջ հիմնուած են ուսանողական միութիւններ: Այդ միութիւններուն հիմնադիր կողմերը այդ օրերուն, ունեցած են այն համոզումը, որ ուսանող տարրը հասարակութեան մը յառաջադէմ ուժն է, համայնքին ազգային կեանքը զարգացնող, միտքը հարստացնող խաւն է, որ իր նորանոր գաղափարներով պիտի պայքարի թէ՛ հայ հասարակութեան յառաջդիմութեան եւ թէ՛  Հայ դատին ու հայկական շահերուն համար:

Գաղափարական հիմք ու նպատակային աշխատանք ունեցող ուսանողական միութիւնները առաւելաբար գործուն ներկայութիւն ունեցած են մեր գաղութին մէջ, մինչ համալսարանական միութիւններ, ունենալով հանդերձ աշխուժ գործունէութեան շրջաններ, երբեմն լճացած են եւ կամ բաւարարուած` հանդէսներու, ընկերային հաւաքներու եւ դասախօսութիւններու կազմակերպումով:

Սակայն ասիկա բաւարար չէ ուսանողութեան ներկայութիւնը ազդեցիկ դարձնելու համար:

Ներկայ մեր պայմաններուն մէջ ուսանողութեան վրայ դրուած յոյսերը արդարացնելու համար այս միութիւնները նպատակային ծրագիր եւ  գործունէութիւն պէտք է  ունենան մեր համայնքին մէջ:

Այդ գործունէութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան`  վերականգնումը: Ուսանողութեան խօսքը, անոր միտքն ու կարծիքը պէտք է արտացոլան մեր թերթին, մեր պարբերականներուն, հանրային զրոյցներուն ընդմէջէն: Հայ ուսանողութիւնը, շփումներ ունենալով նաեւ տեղացի ուսանողներու հետ, պիտի նպաստէ գաղափարներու, տեսակէտներու մերձեցման, հայկական դիմագիծի ճշգրիտ ներկայացման:  Նոր խօսքի, նոր միտքի, նորաձեւ աշխատանքի կարիքը ամէն ժամանակներէ աւելի ունի մեր հասարակութիւնը այսօր: Համահայկական հարցերը, գաղութային մարտահրաւէրները, մշակութային մեր առաջադրանքները առաջին հերթին պէտք է մտահոգեն մեր ուսանողութիւնը:  Հայ ուսանողը, իբրեւ խանդավառ եւ գիտութեամբ հարստացած բաղկացուցիչը մեր հասարակութեան, անհրաժեշտ է, որ նպատակային դարձնէ ե՛ւ իր ուսումը, ե՛ւ հաւաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը:

Ուսանողութիւնն է, որ հաւաքական մեր կեանքին թարմութիւն պիտի բերէ:

«Գ.»

 

Նախորդը

6 Միլիոն Ժամ Աշխատանք` «Մարաւիկլիա» Զբօսանաւուն Համար

Յաջորդը

Տարեդարձներ, Հաշուեկշիռ Եւ Հեռանկար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

Յունուար 30, 2023
Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը
Անդրադարձ

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յունուար 30, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Եռամիասնութի՜ւն…

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In