Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վնասակար Են Թէ՛ Լալկանութիւնը Եւ Թէ՛ Յոխորտալը. Երկուքն Ալ Մեզ Խոցելի Կը Դարձնեն

Յունիս 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հարցը կը վերաբերի դիմատետրային միջավայրին: Աւելի մասնայատուկ կերպով` հայ-ազրպէյճանական սահմանագծին վրայ պարբերաբար տեղի ունեցող բախումներու արձագանգներուն` Դիմատետրի միջավայրէն ներս: Արձագանգներ, որոնք բնականաբար չեն սահմանափակուիր միայն ելեկտրոնային աշխարհին մէջ:

Վերջին օրինակը մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ սահմանագիծին տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպն էր, որ խլեց չորս հայ զինուորներու կեանքերը:

Կասկած չկայ, որ իւրաքանչիւր հայու համար ծանր վիշտ ու կսկիծ կը պատճառէ նոյնիսկ մէկ հայ զինուորի մը նահատակութիւնը: Սա անվիճելի է:

(Նախ փակագիծ մը անհրաժեշտ է հոս: Հայաստանեան լրատու աղբիւրները, առանց բացառութեան, սկսելով պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերներէն, հետեւողականօրէն կը գործածեն «զոհ» եւ «հակառակորդ» բառերը, երբ կը խօսին սպաննուած հայ զինուորի մը, կամ ազրպէյճանական կողմին մասին: Կը ներէք, պարոնա՛յք պաշտօնատարներ եւ լրագրողներ. սահմանին սպաննուած հայ զինուորը «զոհ» չէ, այլ` նահատակ: Փողոցը անցած ատեն մէկը կրնայ ինքնաշարժի արկածի զոհ երթալ, կամ ուրիշ մը կրնայ պանանի կեղեւի վրայ կոխելով` տապալիլ. հիմա այս «զոհը» եւ սահմանին իր կեանքը տուած հայ զինուորը նո՞յնն են… Բառերը արժէք, իմաստ ու մանաւանդ` խորհուրդ ունին իրենց մէջ: Բառերը կ’արտայայտեն միտք, տրամաբանութիւն, կեցուածք, հոգեկերտուածք ու տրամադրութիւն: Այնպէս որ,  սահմանը պաշտպանելու ընթացքին իր կեանքը տուած հայ զինուորը «զոհ» չէ՛, այլ` ՆԱՀԱՏԱԿ: Դիմացէն կրակողն ալ հակառակորդ չէ, այլ` ԹՇՆԱՄԻ: Վե՛րջ տուէք այս անհեթեթութեան: Փակեցինք փակագիծը):

Վերադառնանք մեր նիւթին:

Ուրեմն, ընկերային ցանցերու վրայ անմիջապէս կը սկսին դիմատետրային եղերամայրերու լալահառաչ ողբասացութիւնները: Այս բոլորին կ’ընկերանան անմտութեան հասնող զգացական զեղումներ, կարծէք` վե՛րջ Հայաստանին, երկրին, բանակին ու ժողովուրդին: Այս բոլորին յաճախ կ’ընկերանան անէծքներ. բայց ո՛չ թէ թշնամիին, այլ` սեփական պետութեան հասցէին: Պատրուակներն ու պատճառներն ալ չեն պակսիր` ըստ նոյն տրամադրութիւններէն բխած «տրամաբանութեան»: Այս բոլորին հետեւանքը անխուսափելիօրէն ու անզգալաբար` խուճապի տրամադրութիւնն է, որ դանդաղ ներգործող թոյնի նման կը սողոսկի հանրութեան երակներուն մէջ ու աւեր կը գործէ:

Կը կրկնենք` բոլորի՛ս համար վիշտ ու կսկիծ է նոյնիսկ ՄԷԿ հայ զինուորի մը նահատակութիւնը: Սակայն այդ չի նշանակեր, որ երկինքը փուլ կու գայ, չէ՞:

Երկրորդ պատկերը տրամագծօրէն հակառակ տրամադրութեան կը վերաբերի, սակայն նոյնքան վնասակար է:

Հազիւ տարածուի սահմանային բախումի մը, կամ նահատակներու մասին լուր մը, կը սկսին «դիմատետրային հրամանատարներու» հրահանգները` կոտրեցէ՛ք, ջարդեցէ՛ք, փշրեցէ՛ք, Պաքու-մաքու քարտէսէն սրբեցէ՛ք…

Սա ձեր ձիերուն սանձերը մէյ մը քաշեցէք ու վար իջէք ձիերէն… Վար իջէք ձիերէն, որովհետեւ այս «արշաւանքը» կը ստեղծէ նոյն դանդաղ ներգործութեան թոյնը, որուն հետեւանքը կ’ըլլայ թերագնահատել թշնամին, անլրջութիւն տարածել այն իրականութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը կոչուին պատերազմ եւ քաղաքականութիւն, եւ որոնք կը պահանջեն ծանրագոյն ու լրջագոյն վերաբերում:

Պատերազմը ցանկութիւններով չէ, որ կը սկսի կամ կ’աւարտի: Պատերազմը յոխորտանքներով չէ, որ կը վարուի: Պատերազմը, յատկապէս` մեր ժողովուրդին համար, գոյութենական, լինել-չլինելու խնդիր է: Նաեւ, պատերազմը եւ քաղաքականութիւնը իրարու սերտօրէն շաղկապուած իրականութիւններ են: Պատերազմն ու քաղաքականութիւնը կարողութիւնը ունին ճշդելու երկրի մը, ժողովուրդի մը ապագան: Սա ամէն մարդ գիտէ, չէ՞:

Այնպէս որ, երբ հանրութեան մէջ կը տարածուին «ջարդել-փշրելու» մակերեսային, կամ նոյնքան վնասակար` լալահառաչ տրամադրութիւնները, այդ կը նշանակէ, որ տուեալ հաւաքականութիւնը անլուրջ կերպով կը մօտենայ նոյնինքն իրե՛ն համար լինել-չլինելու խնդրին: Հետեւաբար նաեւ, կասկած չկայ, որ անլուրջ վերաբերում ցուցաբերող նոյն այդ հանրութիւնը կը դառնայ ծայր աստիճան խո՛-ցե՛-լի՛:

Դեռ կայ աւելին: Կայ թշնամիին ազդակը:

Այսինքն, յաճախ կը մոռնանք, որ թշնամին կը հետեւի (երբեմն ալ շատ մօտէն) այս բոլորին ու համապատասխան եզրակացութիւններու կը յանգի: Այդ եզրակացութիւնները կրնան նոյնիսկ արիւնալի հետեւանքներ ունենալ մեզի համար:

Դեռ կայ միւս երեսը: Արդի արհեստագիտութիւնը օգտագործելով` թշնամին նոյնիսկ կրնայ հրահրել թէ՛ «դիմատետրային եղերամայրերը» եւ թէ՛ «դիմատետրային հրամանատարները»: Ասոր հետեւանքներուն մասին պարտաւոր ենք մտածելու: Մէկ խօսքով, եթէ անձնական միջավայրի մէջ մարդկայնօրէն ըմբռնելի ու հասկնալի են զգացական զեղումները, գոնէ ընկերային ցանցերու մէջ (այսինքն` հրապարակաւ), բոլորս ալ պարտաւոր ենք լրջութիւն եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու թէ՛ մեր կսկծալի կորուստներուն եւ թէ՛ խրամատային բախումներուն նկատմամբ:

Պատերազմն ու քաղաքականութիւնը մասնագիտական լրջութիւն պահանջող բաներ են: Ասիկա պլոթի «քուփ-սիւր քուփ» ընելու չի նմանիր: Եթէ հակադարձել պէտք է, քաղաքական ղեկավարութիւնն է, որ կը ճշդէ, թէ ե՛րբ պէտք է ատիկա ընել, ո՞ւր եւ ի՞նչ չափով. իսկ զինուորական ղեկավարութիւնն ալ կը ճշդէ, կը ծրագրէ ու կը գործադրէ այդ հակադարձութեան ձեւերը: Թոյլ տանք, որ այդ բնագաւառներու մասնագէտները ղեկավարեն այս գործը, իսկ մենք օգնենք իրենց` ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ լրջութիւնը ցուցաբերելով:

Այնպէս որ (վիրաւորական թող չըլլայ), ո՛չ դիմատետրային եղերամայրերու, ո՛չ ալ դիմատետրային հրամանատարներու կարիքը ունինք, այլ պարզապէս` միահամուռ լրջութեան:

Լոս Անճելըս
22 Յունիս 2017

 

Նախորդը

Թեքուանտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?