Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ազգային Ժողովին Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը. «Ունինք Ապագայի Յստակ Տեսլական, Գիտենք, Թէ Ի՛նչ Պէտք Է Փոխել»

June 22, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութիւնը քաջատեղեակ է այն սպասելիքներուն, որոնք ունին հասարակութիւնը եւ իր ծրագիրին մէջ հաշուի առնուած են այդ սպասելիքները: Ազգային ժողովի մէջ կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան: «Մենք յստակ կը պատկերացնենք մեր ներկան, գիտենք ի՛նչ խնդիրներ եւ կարելիութիւններ ունինք: Ունինք նաեւ ապագայի յստակ տեսլական, գիտենք, թէ ի՛նչ պէտք է փոխել: Մենք կը ներկայացնենք առարկայական ծրագիր», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով`  ըսած է վարչապետը:

Հայաստանը փոքր եւ քիչ պաշարներ ունեցող երկիր է, որուն սահմաններուն մեծ մասը փակ է: «Հայաստան ծովային ելք չունեցող երկիր է, որուն չորս սահմաններէն միայն երկուքը բաց են: Մեր երկիրը կը բախի շրջանային մարտահրաւէրներու, որոնք կը սպառնան մեր անվտանգութեան: Այս պարունակին մէջ առանցքային է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգ զարգացման իրաւաքաղաքական, ռազմական կայուն երաշխիքներու ձեւաւորման խնդիրը: Մենք կանգնած ենք մեր սահմանները պաշտպանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ: Այս հանգամանքներէն մեկնած` մենք պէտք է շարունակենք զարգացնել մեր զինուորական կարողութիւնները` ապահովելով զինուած ուժերու մարտունակութիւնը, մշտապէս կատարելագործումն ու համընթաց արդիականացումը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից սպառազինութիւնը: Այս ամէնը չեմ ըսեր հիասթափեցնելու համար: Մենք յստակ կը պատկերացնենք իրականութիւնը: Կան երկիրներ, որոնք գտնուած են աւելի վատ մեկնարկային պայմաններու մէջ, սակայն կրցած են ժամանակի ընթացքին հասնիլ աւելի լաւ պայմաններու: Մեր երկիրը շէն ու բարեկեցիկ դարձնելու բանալին մեր ձեռքն է: Մենք պիտի յաջողինք, եթէ անմնացորդ նուիրուինք մեր գործին եւ քրտնաջան աշխատինք», ըսած է վարչապետը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ իրենց աշխատանքի որակէն եւ հասարակութեան արձագանգէն կախուած է, թէ որքա՛ն արագ կը հասնին իրենց նախանշած նպատակներուն: «Մենք պատասխանատուութենէ չենք խուսափիր: Այս ծրագիրը կը ներկայացնէ մեր պատկերացումը եւ տեսլականը մեր երկրի զարգացման յառաջիկայ 5 տարիներուն համար: Անիկա նաեւ հիմքեր կը ստեղծէ մեր երկրի երկարաժամկէտ զարգացման համար: Ծրագիրի հիմքին մէջ դրուած է անվտանգ, արդար եւ խելացի Հայաստան ունենալու տեսլականը», ըսած է ան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ներկայացուցած է նաեւ կառավարութեան ծրագիրի թիրախները` 5 առ հարիւր համախառն ներքին արտադրութեան աճ, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում 25 առ հարիւրով, արտահանման աճի նշանակալի աճի ապահովում` ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման մասնաբաժինը համախառն ներքին արտադրութեան մէջ հասցնելով 40-¬45 առ հարիւրի, աղքատութեան կրճատման ապահովում` իջեցնելով զայն 12 տոկոսային կէտով:

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ Փրկել Իր Ոտնահարուած Ինքնասիրութիւնը»

Յաջորդը

Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Պոքա Ժունիորզ Ախոյեան` 32-րդ Անգամ Ըլլալով

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.