Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը դրուատեց քաղաքական ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` իրականացնելու համար ընտրական օրէնքին վերաբերող համաձայնութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքին վաւերացումով Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական աշխատանքը կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել:
Պլոքը ողջունեց նաեւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն ղեկավարները խորհրդակցութեան հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով 2017-ի պետական պիւտճէն, ինչպէս նաեւ աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց կառավարութեան հոգալու քաղաքացիներուն ապրուստի, կենսոլորտային եւ առողջապահական կարիքները: