Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ՔԱԿ-Ի ԲԱՆԲԵՐԻՆ ԿՈՐՃԱՅՔԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԱՆՏԵՍՈՒՄԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆ ԷՐ

October 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մարտական թեւի բանբեր Տուզտար Համօ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ Կորճայքի մէջ թրքական բանակի դիրքերուն դէմ ՔԱԿ-ի «վերջին յարձակումները, որոնք 26 զոհ պատճառեցին, հակադարձութիւն են անցնող ամբողջ շրջանին թրքական բանակին կողմէ ՔԱԿ-ի դիրքերուն ռմբակոծման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքներու զլացումին»:

Համօ ըսաւ, որ «այս յարձակումները ո՛չ արտաքին որեւէ օրակարգի, ո՛չ ալ շրջանային, ըլլայ այդ Սուրիոյ կամ Իրանի, կացութեան կապուած են»` նշելով, որ ՔԱԿ-ի որոշումը կը բխի իր շահերէն եւ ոչ թէ ուրիշներու շահերէն: «Մենք դատ ունինք եւ անոր ծառայելու կ՛աշխատինք, ոչ թէ` այլ երկիրներու հարցերուն», նշեց ան` աւելցնելով, որ «գործողութեան ժամկէտը շրջանային որեւէ հաշիւի կապուած չէ, որովհետեւ յարձակումները բոլոր հանգրուաններուն ալ կը շարունակուին»:

ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի բանբերը յայտնեց, որ «թրքական կողմին հետ հիմնական հարցը այն է, որ Անգարայի մէջ իրերայաջորդ կառավարութիւնները կը մերժեն քիւրտերը ճանչնալ իբրեւ երկրին մէջ երկրորդ ազգ, մինչ 25 միլիոն հաշուող քիւրտերը ամբողջ անցնող տարիներուն թուրք ժողովուրդին ծառայած են, եւ այս առումով Էրտողանի կառավարութենէն կը պահանջենք քիւրտերու իրաւունքները սահմանադրութեան մէջ ամրագրել»:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` քրտական հարցը լուծելու խոստումներուն, Համօ սէուտական օրաթերթին յայտնեց, որ «գետնի վրայ շօշափելի բան չտեսանք, ընդհակառակը մեր դէմ զինուորական արշաւները կը բազմացնեն: Իսկ քաղաքական գետնի վրայ, թրքական բեմը ականատես դարձաւ Թուրքիոյ մէջ քիւրտ ղեկավարներու ձերբակալութեանց»:

Համօ հերքեց ՔԱԿ-ի մարտական թեւի ղեկավար Մուրատ Քարայըլանի ձերբակալման լուրերը: «Եթէ հարցը ճիշդ ըլլար, այդ վարկածներուն փաստը կը ներկայացնէին», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ» ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՆՍ ՇԹԱԼՄԱԽԸ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՆԴԻՐԸ ԻՐԱՆԻ ԽՆԴԻՐՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.