Փորթուգալ – Մեքսիքա` 2-2

Շաբաթ, 17 յունիսին, Ռուսիոյ մէջ սկսաւ ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 խումբեր, բաժնուած` 2 խմբակի:
Մրցաշարքի բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, հիւրընկալ երկիրը 2-0 արդիւնքով յաղթեց Նոր Զելանտայի:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Միքայէլ Պոքսալ` սխալմամբ իր բերդին մէջ (31-րդ): Իսկ Ֆետոր Սմոլով արդիւնքը վերածեց 2-0-ի` 69-րդ վայրկեանին:
Մրցումին ամբողջ տեւողութեան ոչ մէկ մարզիկ դեղին քարտ ստացաւ:

Նոյն խմբակին մէջ (Ա. խմբակ), երէկ Մեքսիքա պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն Հեքթոր Մորենօ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը (2-2):
Ռիքարտօ Քուարեսմա (35-րդ) եւ Սետրիք Սոարես (86-րդ) նշանակեցին Փորթուգալի կոլերը, իսկ Խաւիէ Հեռնանտեզ` Մեքսիքայի առաջին կոլը (42-րդ):
Գերմանիա, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր, ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը կատարէ մրցաշարքի իր առաջին մրցումը` Աւստրալիոյ դէմ: