
Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց յաղթանակներու շարքը:
60 քկ դասակարգին մէջ, Կարէն Տօնականեան յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Իպրահիմ Կէօքչեքին եւ դուրս եկաւ 1-8-րդ հանգրուան, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Պայքարի մէջ մտած Հայաստանի 4 ներկայացուցիչներն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Իր կարգին, Վլատիմիր Մարգարեան, 69 քկ դասակարգին մէջ յաղթեց իր դէմ գտնուող թուրք մրցակիցին` Աքշին Պուրաքի եւ ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը:


