«Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց իր իրաւարարները, որոնք ստացան միջազգային մրցումներ վարելու աստիճաններ:
Այս հանդիսութեան ներկայ եղան մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ` մարզական լրագրողներ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ ըսաւ, որ այս մարզաձեւը, որ արդէն իսկ բաւական մեծ ճանաչում ունէր, հետզհետէ աւելի կ՛ընդլայնէ ինքզինք եւ կը հասնի բոլոր շրջաններուն` տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու կազմակերպումով: