Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Կէօզալեան, իր ունեցած մէկ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն:
«Ներկայիս հրաժարականիս չեմ ուզեր անդրադառնալ: Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել լրագրողներուն, որոնք միշտ կողքիս կանգնեցան եւ լայնօրէն անդրադարձաւ հաւաքականին ու իմ աշխատանքներուս», ըսաւ ան:
Հաւաքականի նոր մարզիչ նշանակուեցան Անդրանիկ Առուստամեան:
Այժմ հայրենի հեծելանւորդները կը պատրաստուին 18-23 յուլիսին, Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: