Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովելուն առիթով, Անթունիէ նախանցեալ օր իր վարժարանին մէջ պատուեց իր մարզիչը` Ղասսան Սարգիսը, խումբին մարզիկներն ու պատասխանատուները, որոնք յաջողեցան բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան` 2016-2017 տարեշրջանին:
Անթունիէ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խումբին համակիրներուն եւ լիբանանեան մարզական մամուլին, որ յաջողեցաւ խումբին հետ ըլլալ ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին:



