Ինչպէս ծանօթ է, 8-20 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Ասկէ մեկնելով, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տղոց ազգային խումբին համար նշանակեց նոր մարզիչ մը` Ռամոնաս Փոթոթասը (Լիթուանիա), որ կիրակի, 18 յունիսին կը հասնի Պէյրութ:
Նշենք սակայն, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբի մարզիկները, ֆիզիքապէս լաւ պատրաստ ըլլալու համար արդէն իսկ սկսած են իրենց փորձերուն` ֆիզիքական մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի հսկողութեամբ: