Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Թրքական Մամուլի Ատելութեան Գլխաւոր Թիախներն Են

June 16, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը հրապարակած է «Մամուլի մէջ ատելութիւն ընդգրկող նիւթերու դիտարկում» զեկուցումը` 2017-ի յունուար-ապրիլ ամիսներուն համար:

Ըստ զեկուցումին, 4 ամսուան ընթացքին հրապարակուած է Թուրքիոյ ազգային, ցեղային եւ կրօնական խումբերը թիրախաւորող 1876 յօդուած եւ լուր: Մամուլին մէջ հրապարակուած բոլոր նիւթերուն մէջ բացայայտուած է 58 տարբեր խումբերու նկատմամբ ատելութեան 2335 դէպք:

Ըստ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին, այս 4 ամսուան ընթացքին ամէնէն շատը թիրախաւորուած են հայերը:

Յայտնաբերուած է հայերը թիրախաւորող 439 ատելութիւն ընդգրկող նիւթ: Երկրորդը սուրիացիներն են, որոնց մասին հրապարակուած է նմանատիպ բովանդակութեամբ 433 նիւթ, իսկ հրեաները երրորդն են` 298: Առաջին եռեակին կը յաջորդեն ընդհանուր առմամբ բոլոր քրիստոնեաները, ապա յոյները, որոնց մասին համապատասխանաբար հրապարակուած է 210 եւ 198 նիւթ:

Ըստ զեկուցումին, նշեալ ժամանակահատուածին մամուլի հրապարակումներուն մէջ հայերը ներկայացուած են իբրեւ թշնամի` նոյնացուելով բռնութեան հետ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ տագնապին վերաբերող նիւթերուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ թիրախաւորուած են հայերը: Բացի ատկէ, հայերը ցոյց տրուած են իբրեւ ուժ մը, որ մշտապէս կանգնած է թշնամի ներկայացուող խումբերու եւ անձերու ետին:

Ատելութիւն ընդգրկող հռետորաբանութիւն յատկապէս կը հանդիպի «Ենի Աքիթ», «Միլլի Կազեթէ», «Ենի Սէօզ», «Ենիչաղ», «Միլաթ Կազեթեսի», «Տիրիլիշ Փոսթասը» թերթերուն մէջ:

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ Ընտրական Նոր Օրէնքը

Յաջորդը

Ռուսիա Ազրպէյճանին Փոխանցած Է Վեց Հրետանային Համակարգեր

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.