Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Պէյրութի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ աւարտականին իր արձանագրած յաջորդական երեք յաղթանակներուն շնորհիւ 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Անթունիէն եւ բնականաբար բարձրացաւ Ա. դասակարգ, ուր ելոյթ պիտի ունենայ 2017-2018 տարեշրջանին:
Այս առիթով Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ յատուկ ընթրիքի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Տունիա» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ), պատուեց ախոյեան խումբը` իր բոլոր մարզիկներով եւ պատասխանատուներով:
Ընթրիքին ներկայ գտնուող բոլոր անձերը ստորագրեցին ակումբին շապիկին վրայ` իբրեւ յիշատակ: Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:



