Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի շապիկը կրած 24 տարեկան յառաջապահ Սարգիս Ադամեան իր կազմը` Շթայնպախը (Գերմանիա, 4-րդ դասակար) լքելով ունեցաւ նոր ակումբ մը:
Ան միացաւ Եան Ռեկենսպուրկ խումբին, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին աւարտին բարձրացաւ Բ. դասակարգ, ինչ որ համազօր է «Պունտըսլիկա»2-»-ին:
Ան նախորդ տարեշրջանի աւարտին, 33 մարցումի ընթացքին 16 կոլ նշանակեց Շթայնպախի հետ, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2016-էն:
Իր նոր ակումբին հետ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած Ադամեան նախապէս մաս կազմած է նաեւ Հանզայի եւ Նոյշթրելիցի:



