Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու վարչութեան ներկայացուցիչները 6-էն 8 յունիսին Մոսկուայի մէջ կը մասնակցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած շրջանային համակարգ ստեղծելու մասին» համաձայնագիրի դրոյթներու իրականացման եւ կանոնակարգերու մշակման աշխատանքային հանդիպումին:
Նշենք, որ վերոնշեալ համաձայնագիրը ստորագրուած է 23 դեկտեմբեր 2015-ին: