Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Եւ Նախարար Մկրտչեան Ընդունած Են Գերմանիոյ «Կէօթէ» Հիմնարկին Նախագահը

Յունիս 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Գերմանիոյ մեծագոյն մշակութային հաստատութեան` «Կէօթէ» հիմնարկի նախագահ Քլաուս-Տիթըր Լեհմանը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ յոյս յայտնած, որ պարոն Լեհմանի այցելութիւնը Հայաստան նոր սկիզբ կը դառնայ հայ-գերմանական կրթամշակութային համագործակցութեան զարգացման եւ  այդպիսով նաեւ երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման համար: Նշելով, որ այս տարի Հայաստանը եւ Գերմանիան կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատման 25-ամեակը` նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ անցած այդ տարիներուն ընթացքին հայ-գերմանական յարաբերութիւնները միայն վերընթաց զարգացում ունեցած են` հաստատուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, ձեւաւորուած են կայուն միջխորհրդարանական յարաբերութիւններ, յաջողութեամբ կը զարգանան առեւտրական եւ տնտեսական կապերը, համագործակցութիւնը կրթութեան, մշակոյթի մարզերուն մէջ եւ ապակեդրոնացուած մակարդակի վրայ: Այդ բոլորը, հանրապետութեան նախագահին համոզումով, լաւ հիմք է խթանելու Հայաստանի մէջ  գերմաներէնի աւելի խորացուած ուսուցումը, ինչ որ իր կարգին կը նպաստէ  բոլոր մարզերուն մէջ փոխշահաւէտ երկկողմանի կապերու ամրապնդման:

Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները քննարկած են 2009-էն Հայաստանի մէջ  գործող Գերմաներէնի ուսուցման կեդրոնին զուգահեռ գերմաներէնի տարածման նպաստող այլ կարելիութիւններու, որոնց կարգին` «Կէօթէ» հիմնարկի կեդրոնի հիմնումին հարցը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան  պատրաստակամութիւն յայտնած է նման լուծման յանգելու պարագային պետութեան կողմԷ աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ նախաձեռնութեան իրականացման:

Քլաուս-Տիթըր Լեհման վստահեցուցած է, որ «Կէօթէ» հիմնարկը  իր լաւագոյնը պիտի կատարէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու համար:

Նոյն օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւս ընդունած է Քլաուս-Տիթըր Լեհմանը: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մկրտչեան կարեւոր նկատած է հայ-գերմանական կրթական համագործակցութիւնը եւ ընդգծած յատկապէս «Կէօթէ» հիմնարկի ներդրումը այդ ասպարէզին մէջ: Շեշտելով, որ «Կէօթէ» հիմնարկի հայաստանեան խումբը արդիւնաւէտ եւ կարեւոր աշխատանք կը կատարէ մեր երկրին մէջ գերմաներէնի տարածման եւ զարգացման ուղղութեամբ` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ներկայացուցած է  Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւնները:

Իր կարգին, դոկտ. Քլաուս-Տիթըր Լեհման նշած է, թէ հիմնարկը պատրաստակամ է խորացնելու համագործակցութիւնը Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ «Կէօթէ» հիմնարկի  գրասենեակի գործունէութեան եւ ընդգծած, որ հետեւողական քայլեր  կը ձեռնարկուին Հայաստանի մէջ «Կէօթէ» հիմնարկի մասնաճիւղի բացման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ հայ-գերմանական համագործակցութեան առնչուող շարք մը այլ հարցեր:

Նախորդը

Շիրակի Մարզպետի Պաշտօնին Յովսէփ Սիմոնեանին Պիտի Փոխարինէ Արթուր Խաչատրեան

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?