ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն հաստատած են, որ Շիրակի մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեան յառաջիկային հրաժեշտ պիտի տայ պաշտօնին: Անոր փոխարէն կուսակցութիւնը նոյն պաշտօնին պիտի առաջադրէ տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարար Արթուր Խաչատրեանի թեկնածութիւնը: Վերջինս ունի պետական համակարգին եւ միջազգային կառոյցներու մէջ աշխատանքի մեծ փորձառութիւն: