Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինք խմբակցութեան եւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակցութեան ղեկավարներուն հետ. կը մասնակցէին խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով փոխնախագահ Վիքթոր Պոշթինարուն (Ռումանիա), Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ խմբակցութեան համակարգող Քնութ Ֆլեքընշթայնը (Գերմանիա) եւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Սերկէյ Սթանիշեւը (Պուլկարիա): Եւրոպացիներուն ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին զարգացումներուն մասին ՀՅԴ-ի գնահատականները եւ կեցուածքները. միասնաբար որոշումներ տրուեցան երկու խմբակցութիւններուն միջեւ 6 յուլիս 2016-ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրին հիման վրայ յառաջիկայ քայլերուն մասին:
Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեան միջազգային հարցերով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիաքոմօ Ֆիլիպեքի հետ: Արծարծուեցան երկու կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ շրջանին մէջ միացեալ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու կարելիութիւնները:
1992-ին հիմնուած Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւնը (ԵԸԿ) կը համախմբէ եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ: Եւրոպական Միութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ շրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ: ԵԸԿ-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ` յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ԵԸԿ-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր` 28 անդամ պետութիւններէն ընտրուած երեսփոխաններ, ընդհանուր` 190 երեսփոխան, կազմելով Եւրոպական խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը` Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինքը: