Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Գերմանական զարգացման դրամատան շրջանային տնօրէն Օլաֆ Զիմելքայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը կարեւոր նկատած է դրամատան աջակցութեամբ Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ իրականացուող ծրագիրները եւ անոնց շարունակականութիւնը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հիւրերուն ներկայացուցած է կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւնները, նախաձեռնած բարեփոխումները, մասնաւորապէս` գործարարական միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու խթանման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը:
Ընդգծելով, որ Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը կը նպաստէ հայ-գերմանական համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման` դրամատան շրջանային տնօրէնը զայն ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Զրուցակիցները քննարկած են ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, ջրային տնտեսութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ մարզերու մէջ ընթացիկ, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: