
Սայտայի մէջ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց պասքեթպոլի 21-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան կիսաւարտականի մրցումները:
Ռիատի Պէյրութ եւ Ահլի (Եգիպտոս), յաջորդաբար պարտութեան մատնելէ ետք Անդրանիկ Պէյրութը (131-79) եւ Թաթպիքիէն (88-59), ապահովեցին աւարտականին իրենց տոմսերը:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 17:30-ին:


