Ամերիկեան հեղինակաւոր «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերաթերթը, անդրադարձաւ Հայաստանի` ցարդ աշխարհին տուած լաւագոյն ֆութպոլիստին` Հենրիխ Մխիթարեանին:
«Մանչեսթըր Եունայթըտի Հենրիխ Մխիթարեանը իրեն հետ կը բերէ Հայաստանը»: խորագիրով յօդուածի հեղինակ` Ռորի Սմիթ կը նշէ, որ հայ ֆութպոլիստը մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իր ասպարէզին:
«Ան գիտէ իր հանգստանալու ժամերը, որպէսզի կարենայ ամբողջութեամբ կեդրոնանալ ֆութպոլի վրայ: Կապ չունի, թէ ան ո՞վ է եւ կամ ի՞նչ դարձած է, Մխիթարեանի մէկ մասնիկը մի՛շտ իր տան` Հայաստանի մէջ է, ուրկէ ան առաւ իր առաջին քայլերը` Փիւնիկ ֆութպոլի ակումբին հետ:
«Անոր համար բաւական դժուար եղաւ Հայաստանէն հեռանալը եւ Մեթալուրկ Տոնեցքին միանալը: Բայց եւ այնպէս, ան տուաւ իր որոշումը եւ աշխարհին ցոյց տուաւ իր ունեցած տաղանդը: Ատկէ բացի, ան այսպիսով եկաւ աշխարհին ներկայացնելու իր ազգը եւ դարձաւ Հայաստանի դիմագիծը ներկայացնող ֆութպոլիստը:
«Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումէն առաջ Մխիթարեան ըսաւ, որ իրեն համար մեծապէս հաճելի պիտի ըլլայ, որ յաղթանակի պարագային, մարդիկ բացայայտեն Հայաստանը:
«Վերջին բաժինով կու գամ ըսելու, որ Մխիթարեան միշտ ալ հպարտացած է հայ ըլլալուն համար», կը գրէ յօդուածագիրը: