Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 8 ակումբներ: Իւրաքանչիւր ակումբի մաս կազմեցին 4 ճատրակ խաղացողներ:
Այս մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ, հիւրընկալ ակումբը առաւելագոյն 14 կէտէն ապահովելով 12 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը: 10 կէտով երկրորդ հանդիսացաւ Անսար, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ՀՄԸՄ, որ ապահովեց 9 կէտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: