Այս շաբաթավերջին Անգլիոյ, Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան բաժակի մրցաշարքերու աւարտական ճակատումները:
Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր ժամը 19:30-ին (բոլոր ժամերն ալ` Պէյրութի ժամանակացոյցով), Արսենալ կը մրցի Չելսիի դէմ:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա այսօր իր դէմ կ՛ունենայ Ալաւեսը` ժամը 22:30-ին, իսկ Գերմանիոյ մէջ, ժամը 21:00-ին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ կը մրցի Պորուսիա Տորթմունտի դէմ: