Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակուտականներ Կը Սպառնան Դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու Թուրքիոյ Կատարուելիք Յատկացումները

May 24, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի անդամներ Լինտսի Կրահամ եւ Փաթրիք Լեհի սպառնացած են դադրեցնել Անգարային տրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը, եթէ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աշխատակիցներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարները ծեծի ենթարկելու գործը պատշաճ ուշադրութեան չարժանանայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճին յղուած նամակին մէջ ծերակուտականները նշած են. «Մենք կ՛ուզենք ձեզի յիշեցնել, որ խաղաղ հաւաքներն ու խօսքի ազատութիւնը այս երկրի հիմնարար իրաւունքներն են: Թրքական անվտանգութեան անձնակազմի ներկայացուցիչներուն կողմէ ցուցաբերուած յարձակողապաշտութիւնն ու բռնութիւնը շատերուս կողմէ մեկնաբանուեցան իբրեւ աւելին, քան յարձակում ընդդէմ խաղաղ ցուցարարներու. ատիկա յարձակում էր այս իրաւունքներուն դէմ»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 29 անդամներ արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղած են համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելու` կատարուածին մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «Օտար երկրի անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ այդպիսի պահուածքը դատապարտելի է եւ չի կրնար հանդուրժուիլ: Այս գործողութիւնները ո՛չ միայն յանցագործ բնոյթ ունին, այլ կը հակասեն Միացեալ Նահանգներու արժէքներուն», նշած են անոնք: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին ուղղուած նամակին մէջ Ներկայացուցիչներու տան անդամները ընդգծած են, որ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնը կրնայ արգիլուած ըլլալ Թուրքիոյ մէջ եւ վիրաւորական այդ երկրի նախագահին համար, սակայն անոնք Միացեալ Նահանգներու արմատական արժէքներէն են եւ պէտք է պաշտպանուած ըլլան:

 

Նախորդը

Քըլըճ. «Ահաբեկիչի Պաստառով Ցոյց Կատարողները Ուաշինկթընի Սրտին Մէջ Տեսնելը Մեծ Հիասթափութիւն Էր Մեզի Համար»

Յաջորդը

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.