Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոքեան. «Համայնքներուն Հետ Աշխատանքին Մէջ Պիտի Գործէ «Աւելիին` Աւելի» Սկզբունքը

Մայիս 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ ներկայ գտնուած է Արագածոտնի մարզային խորհուրդի նիստին, որուն կը մասնակցէին  համայնքներու  ղեկավարները, մարզպետարանի աշխատակազմը, մարզային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Նախարարին զեկուցուած է համայնքներու պիւտճէներու կատարման եւ սեփական եկամուտներու հաւաքագրման հոլովոյթին, համայնքներու  զարգացման 5-ամեայ ծրագիրներու մշակման, մարզային ներդրումային ծրագիրներու, «Մաքուր Հայաստան»  ծրագիրի շրջագիծին մէջ  իրականացուող աշխատանքներուն մասին: Մարզային խորհուրդի նիստին ներկայացուած է նաեւ գիւղատնտեսական մարզին մէջ  իրականացած աշխատանքներուն ընթացքը:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած է մարզպետին եւ համայնքներու ղեկավարներուն` սեփական եկամուտներու հաւաքագրման հոլովոյթը լաւագոյնս կազմակերպելու համար, որուն արդիւնքով կ՛ակնկալուի, որ մարզը 2017-ին ունենայ  առաւելագոյն ցուցանիշներ:

Միաժամանակ նախարարը ներկայացուցած է համայնքներու  զարգացման ուղղուած կառավարութեան նոր տեսլականը. «Ձեր մարզը եզակիներէն է, որ 2017-ին նախորդ տարուան համեմատ իր սեփական եկամուտներու 18 առ հարիւրը ծրագրային աճ արձանագրած է եւ ատիկա ամրագրուած է կառավարութեան քով: Տեղեկացնեմ, որ այն համայնքապետները, որոնք իրենց պիւտճէները կ՛աւելցնեն, որոնք ջանք կը թափեն, որ իրենց սեփական եկամուտները հաւաքագրուին, աշնան  ֆինանսաւորման պարագային պիտի ստանան լրացուցիչ միջոցներ: Համայնքներու հետ աշխատանքին մէջ պիտի գործէ «Աւելիին` աւելի» սկզբունքը»: Դաւիթ Լոքեան այս շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատած է նաեւ այն  օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք պիտի կատարուին համայնքային պիւտճէները աւելցնելու համար: Նախարարը յորդորած է համայնքներու ղեկավարները աշխուժացնել աշխատանքները եւ ներկայացնել նոր ծրագիրներ:

Նախարարը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ  վարչատարածքային բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ կրթութեան ու առողջապահութեան մարզերուն մէջ առկայ խնդիրներուն, մարզէն  ստացուած ներդրումային ծրագիրերուն, տուած է շարք մը յանձնարարականներ:

Մարզային խորհուրդի նիստի աւարտին նախարար Դաւիթ Լոքեանն ու մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանը պարզաբանումներ տուած են համայնքապետները յուզող հարցերուն:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Բանակին Զինուորագրելու 2000 Նորակոչներ

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Ձեռնարկած Է Պատժիչ Գործողութիւններու

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?