Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Մաֆիայի Յայտնի Ղեկավարներէն Մէկուն Վկայութիւնը` Տինքի Սպանութեան Հարցով

Մայիս 16, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատական հոլովոյթի ծիրին մէջ կիրակի օր վկայութիւն տուած է Թուրքիոյ մէջ մաֆիայի յայտնի պարագլուխ Քիւրշաթ Եըլմազ, որ յայտարարած է, թէ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» խմբաւորման անդամները Անգարայի մէջ իրեն առաջարկած էին կազմակերպել Տինքի սպանութիւնը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սէօզճու» օրաթերթը:

Իբրեւ վկայ հանդէս եկած Քիւրշաթ Եըլմազ նշած է, որ Տինքի սպանութենէն որոշ ժամանակ առաջ զինք հանդիպումի հրաւիրած են «Հիզմեթ»-ի Անգարայի մէջ գործող ներկայացուցիչներէն մէկուն` Իսմայիլ Է.-ի հետ տեսակցելու ու խօսած հայ լրագրողի մասին:

«Ըսին, որ ան (Տինքը) կը փորձէ Թուրքիոյ մէջ հայկական լոպին աշխուժացնել, ինչ որ մեր երկիրի համար մեծ վտանգ կը ներկայացնէ, եւ առաջարկեցին ստանձնել անոր սպանութեան գործը», ըսած է Եըլմազ` աւելցնելով, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է կիւլենականներուն պատկանող պանդոկի մը մէջ:

Ան նաեւ մանրամասնած է, որ Իսմայիլ Է.-ն խօսած է ձախակողմեան քաղաքական կողմնորոշում ունեցող քիւրտ ալեւիներու մասին եւ անդրադարձած անոնց համայնքի ականաւոր գործիչները «ոչնչացնելու անհրաժեշտութեան»:

«Երբ չընդունեցի անոնց առաջարկը` սկսան իմ եւ ընկերուհիիս` Թուղպա Էոզայի դէմ թակարդ լարել», նշած է Եըլմազ:

Ըստ անոր, կիւլենականները իրենց ուժը ցոյց տալու համար նոյնիսկ ձեռքի շարժումով մատնացոյց ըրած են այն ժամանակ վարչապետի պաշտօնը վարող Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նստավայրն ու ըսած. «Եթէ ուզենք,  այստեղէն նոյնիսկ վարչապետին պիտի զարնենք»:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հայազգի Տարօն Աճեմօղլուն` Աշխարհի Ամէնէն Ազդեցիկ Տնտեսագէտը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման  Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Ալիեւին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեմ Ձեզի  Փաշինեանի Հետ Միացեալ Նամակին Համար,  Որով Թեկնածութիւնս Կ՛առաջադրէք Նոպելեան  Խաղաղութեան Մրցանակին»
Հայկական

Ալիեւին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեմ Ձեզի Փաշինեանի Հետ Միացեալ Նամակին Համար, Որով Թեկնածութիւնս Կ՛առաջադրէք Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն
Գլխաւոր լուրեր

Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?