Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՇԵՇՏԷ, ԹԷ ՄԻՔԱԹԻԻ ՎՐԱՅ ՈՒԺԳԻՆ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԲԱՆԵՑՈՒԻ

March 19, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ամերիկացիներուն կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ բանեցուած ճնշումները ուժգին են եւ անոնք կը միտին արգիլել այնպիսի կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ իրենց հաւանութիւնը չի վայելեր:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ այս առումով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի Ուաշինկթընի քաղաքական ուղեգիծին հետ հակադրուող կառավարութիւն մը չկազմուի:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է արագացնէ կառավարութեան կազմութիւնը` ըստ առկայ հաւասարակշռութիւններուն:

Միւս կողմէ, յուլիսեան պատերազմին մասին «Ուիքիլիքս» կայքէջին բացայայտումներուն ակնարկելով` Ժոմպլաթ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ինք օրին կրնայ ըլլալ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած յայտարարութիւններուն նման որոշ կեցուածքներ ունեցած է, սակայն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ այդ կեցուածքները յայտնուած են, երբ ինք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կը կազմէր եւ Հըզպալլայի, Դիմադրութեան եւ Սուրիոյ հակադրուած քաղաքական կողմ էր:

«Սակայն պէտք է յիշեցնել, որ առաջին անգամ ես էի, որ յայտարարեցի Հըզպալլայի յաղթանակը, անկախ այն իրականութենէն, որ օրին տարակարծութիւններ կային պատերազմին դրդապատճառներուն եւ մեկնակէտին մասին», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Հաղորդագրութեան մէջ Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ ինք անձամբ կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը այդ տեսակէտներուն, որոնք իր քաղաքական ուղեգիծին մէջ կը նկատուին սեւ կէտեր: Ան ներում հայցեց Դիմադրութենէն եւ Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ մարտիկներէն, որոնք 2000-ին ազատագրեցին լիբանանեան բռնագրաւուած տարածքները եւ 2006-ին քաջութեամբ ու կորովով պաշտպանեցին Լիբանանը:

Նշենք, որ ըստ «Ուիքիլիքս»ի, Ժոմպլաթ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին անհրաժեշտ նկատած էր, որ իսրայէլեան ուժերը ներխուժեն եւ գրաւեն հարաւային Լիբանանը:

 

 

Նախորդը

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. «ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԶՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՔՈՒԱՏՈՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.